Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղբի Գետերը Ողողեցին Պէյրութը, Իսկ Վարչապետ Սալամ Հինգշաբթին Ժամկէտ Կը Ճշդէ Իր Պաշտօնէն Հրաժարման

Հոկտեմբեր 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghp2_102515

Ձմեռնային ժամանակացոյցը կիրարկելու առաջին վայրկեաններէն իսկ լիբանանցին վկայեց ձմեռը` տեղատարափ անձրեւներ, ողողուած մայրուղիներ եւ փողոցներ, ուր պարզուած պատկերը այս տարի իւրայատուկ էր, որովհետեւ աղբերը կը ծփային հոնկէ հոսող գետերուն վրայ:

Այս ահաւոր ու սարսափելի պատկերը առաւել եւս լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի մէջ յամեցող աղբի տագնապին սպառնացող զանազան վտանգները:

Լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրական դարձած աղբի գետերու պատկերներուն լոյսին տակ, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ եթէ մինչեւ հինգշաբթի օր աղբի տագնապը չլուծուի, ապա վարչապետ Սալամ իր պաշտօնին վրայ նոյնիսկ ժամ մը աւելի պիտի չմնայ:

aghp1_102515

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վարչապետ Սալամէն խնդրեց համբերել` շեշտելով, որ ինք եւս կը ջանայ աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին դիմաց ծառացող խոչընդոտները չէզոքացնել:

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ իրենք մնայուն կերպով զգուշացուցած են եւ շեշտը դրած անձրեւներէն առաջ աղբերը հաւաքելու կարեւորութեան վրայ:

Ան դիտել տուաւ, որ այս հանգրուանին առողջապահական վտանգները ինքնաբերաբար յաւելում արձանագրած են:

Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ  երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ վերջին փորձ մը պիտի կատարէ աղբի տագնապին լուծման առումով, իսկ չյաջողելու պարագային ան պիտի բացայայտէ իր մշակած ծրագիրին գործադրութեան արգելակումները:

Ապու Ֆաուր յայտնեց նաեւ, որ երկիրը հասած է աղէտալի հանգրուանի` աւելցնելով, որ քոլերայի հաւանականութիւնը մեծ է:

Նշենք, որ Շեհայէպ ըսաւ, որ ինք վարչապետ Սալամի եւ ներքին գործոց նախարարին օժանդակութեամբ փորձած է աղբի տագնապին լուծման յանգիլ, սակայն այդ ջանքերը ի դերեւ ելած են, եւ ինք կառչած կը մնայ աղբի տագնապին լուծման իմաստով իր ճիգերուն վերջ տալու կեցուածքին:

Իր կարգին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր շեշտեց, որ աղբերու տագնապը պէտք էր լուծուէր նախքան անձրեւները:

Զաայթեր շեշտեց, որ Լիբանանի վկայած ներկայ կացութիւնը ցաւալի է` աւելցնելով, որ ինք պատրաստ է բոլորին հետ գործակցելու, որպէսզի քաղաքացին ոչ մէկ ձեւով տուժէ:

Քաղաքացիական Շարժում

Քաղաքացիական շարժումի «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւի հետեւորդներ առաւօտեան ժամերէն արդէն իսկ սկսած էին Պէյրութի գետի մաքրութեան արշաւին:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին քաղաքացիական շարժումի գործիչներն ու հետեւորդները ուղղուեցան Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր բողոքի նստացոյց մը կատարեցին` պահանջելով աղբի տագնապին լուծումը:

Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ քաղաքացիական շարժումը հաստատեց, որ ինք պիտի շարունակէ փողոցը մնալ եւ կոչ ուղղել լիբանանցիներուն` զօրակցելու իր արշաւին եւ դէմ դնելու երկրին իշխող քաղաքական դասակարգին:

Անոնք խստիւ դատապարտեցին փողոցներուն մէջ կուտակուած աղբերուն իրավիճակը` շեշտելով, որ քաղաքական իշխանութիւնը պատասխանատու է անոր:

Նստացոյցի աւարտէն ետք ցուցարարները ուղղուեցան փշաթելերուն մօտ եւ ցնցեցին զանոնք, իբրեւ խորհրդանշական քայլ:

Կարճ ժամանակ ետք անոնք ուղղուեցան վարչապետ Սալամի բնակարանը, Ուաթա Մուսայթպէ:

Երկու ժամուան նստացոյցէն ետք քաղաքացիական շարժումին ներկայացուցիչները կառավարութեան ժամկէտ մը ճշդեցին մինչեւ հինգշաբթի լուծել աղբի տագնապը` սպառնալով դարձեալ դիմել մագլցողական քայլերու:

Անոնք կոչ ուղղեցին լիբանանցի ժողովուրդին` զօրակցելու իրենց, աւելցնելով, որ իրենց յաջորդ շարժումներուն մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի յայտարարեն:

Նախորդը

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Կ՛ուղղէ Անձնական Դպրոցներու Ուսուցիչներուն` Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Կատարելու

Յաջորդը

Գալուստ Սահակեան Վենետիկի Յանձնաժողովի Նախագահին Հետ Քննարկած Է Հանրաքուէին Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?