Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Երկխօսութեան Այլընտրանք Չկայ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 26, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

seyid_nasralla_102515

Անցեալ շաբաթ կէսօրին Հարաւային արուարձաններու մէջ Հըզպալլայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Աշուրայի բազմամարդ քայլարշաւ մը, որուն աւարտին Ռայա դաշտին վրայ անձամբ ներկայացաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց` չսպասելու շրջանային իրադարձութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է նախաձեռնեն երկրին տագնապին լուծման, իրենց աշխուժ մասնակցութիւնը բերելով երկխօսութեան, որուն այլընտրանք գոյութիւն չունի:

«Ոչ ոք պէտք է սպասէ, որ Լիբանանի հարցով իրանեան-սէուտական երկխօսութիւն մը կատարուի եւ կամ ամերիկեան-արեւմտեան նախաձեռնութիւն մը առաջադրուի: Լիբանանի ճակատագիրը պէտք է որոշեն անոր քաղաքական ղեկավարները, իսկ մենք պիտի շարունակենք լեցնել այս հրապարակները, առանց վախնալու իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական պատերազմներէն, ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք աշխատիլ` պահպանելու համար քաղաքացիներուն արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի զօրակցին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր յեղափոխութեան հետ` կոչ ուղղելով իսլամական աշխարհին` զօրակցելու պաղեստինցիներուն եւ պաշտպանելու Աքսայի մզկիթը:

«Դիմադրութիւնը անշեղ կը մնայ Իսրայէլին դիմադրելու իր առաքելութենէն, եւ ո՛չ Նեթանիահուն, ո՛չ ալ անոր մեծ հայրը կրնան արգիլել Դիմադրութիւնը` Լիբանանը պաշտպանելու նպատակով արդիական զէնք ու զինամթերք ունենալէ», ընդգծեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ իրենք պիտի շարունակեն նաեւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը եւ կոչ ուղղեց իրաքցիներուն` չվստահելու ամերիկացիներուն, այլ` Հիւսէյնի անունով պատերազմելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Կոչ Պիտի Ուղղենք Գումարելու Օրէնսդրական Նիստ Մը, Որուն Ընթացքին Կը Վաւերացուին Հիմնական Օրէնքները»

Յաջորդը

Նաամէ Մահֆուտ Կոչ Կ՛ուղղէ Անձնական Դպրոցներու Ուսուցիչներուն` Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Կատարելու

RelatedPosts

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն  Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան.  Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Զինադուլի Կոչերուն Եւ Բանակցութեանց Պատրաստակամութեան. Իսրայէլ Կ՛աւերէ Լիբանանը Երեք Փուլերով

March 13, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 13, 2026
Իսրայէլեան Ազդարարութեանց  Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ.  Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի  Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ազդարարութեանց Եւ Յարձակումներուն Զուգահեռ. Լիբանանի Վարչամեքենան Զօրաշարժի Մատնուած Է Բոլոր Ուղղութիւններով

March 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.