Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Գործոց Նախարարին Այցելելէ Ետք. «Լիբանանեան Արդարադատութեան Նկատմամբ Վստահութիւն Ունինք Եւ Կը Գնահատենք Անոր Պարկեշտութիւնը» Յայտարարեց Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը

October 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Mashnuk-Asiri_102715

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ այցելած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ անոր հետ քննարկած ներքին զարգացումները, մասնաւորաբար երկխօսութեան եւ ապահովական սպառնալիքներուն առնչուող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք դեսպանը լրագրողներուն յայտնած է, որ իր այցելութիւնը արդիւնք է Լիբանանի անվտանգութեան եւ կայունութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորին նախանձախնդրութեան եւ բոլոր կողմերը քաջալերելու երկխօսութեան դիմելու ու տարակարծութեան տուն տուող հարցերուն լուծում գտնելու:

Ան աւելցուց, որ նախարար Մաշնուքի ներկայացուցած է վերջինիս երկխօսութեան մասնակցելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բոլոր քաղաքական ուժերուն` Լիբանանի գերագոյն շահերէն մեկնելով հարցերը յառաջ մղելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորաբար շրջանային ներկայ պայմաններուն մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ապահովական սպառնալիքներուն, դեսպանը նշեց, որ ներքին գործոց նախարարը զինք տեղեակ պահած է, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամենայն լրջութեամբ կը հետապնդեն այդ հարցը` շեշտելով, որ դեսպաններու ու դեսպանատուներու անձնակազմի անդամներու պաշտպանութիւնը Լիբանանի պետութեան պարտաւորութիւնն է, եւ այդ գծով յաւելեալ միջոցառումներ որդեգրուած են:

Սէուտցի դիւանագէտը` պատասխանելով  Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ երկուշաբթի օր սէուտցի իշխանի մը ձերբակալման հարցին եւ իր տուած այցելութեան առնչուածութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Այցելութեան ժամադրութիւնը նախապէս ճշդուած էր, եւ իշխանի ձերբակալման հարցը ձեռքն է լիբանանեան արդարադատութեան, որուն նկատմամբ ամբողջական վստահութիւն ունինք ու կը գնահատենք անոր պարկեշտութիւնը: Ըստ ունեցած տեղեկութեանս, լիբանանեան իշխանութիւնները կը շարունակեն այս հարցով իրենց հետաքննութիւնը` հասնելու համար ճշմարտութեան, բացայայտելու համար բոլոր ծալքերը, այս գործողութեան բոլոր մեղսակիցները, այս թմրեցուցիչները արտադրող կողմերը, ֆինանսաւորող կողմը, մանաւանդ որ գրաւուած քանակը շատ մեծ է, եւ եթէ մեղսակից կողմերը յաջողէին զայն մաքսանենգել, ապա ատոր վնասը միայն Լիբանան պիտի չկրէր, այլ նաեւ Սէուտական Արաբիան եւ այլ կողմեր»:

 

 

Նախորդը

Սալամ Շհայէպի Եւ Ապու Ֆաուրի Հետ Արծարծեց Աղբերու Թղթածրարին Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Երեսփոխանական Պլոքի Ժողովէն Ետք. «Եթէ Աղբերու Թղթածրարի Քննարկման Ու Կառավարութեան Նիստ Գումարուի, Մեր Լուծումներով Պիտի Մասնակցինք» Կ՛ըսէ Ժրէյսաթի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.