Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 29, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատաւոր Սաքըր Սաքըր 5 անհատներ, որոնցմէ երեքը ձերբակալեալ, ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամակցելու յանցանքով: Ամբաստանեալներուն թղթածրարները փոխանցուեցան Զինուորական ատեանի աւագ քննիչ դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտայի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը անկարելի է, եւ Հըզպալլա գիտէ այդ մէկը ու կը շարունակէ խոչընդոտել այդ ընտրութիւնը:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս` տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրը գործադրելու ինչպէս որ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զօրակցութեամբ վերջ պիտի տայ աղբի տագնապի լուծման իր ջանքերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ` անդրադառնալով սուրիական պատերազմին մէջ ռուսական միջամտութեան, յայտնեց, որ զինուորական իմաստով ահաբեկիչներուն խարիսխները կարելի է քանդել, սակայն անոնց միտքերուն քանդումը շատ դժուար է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան հրաժարականին առումով տակաւին վերջնական կեցուածք չէ ճշդած, «եւ գրեթէ վստահ ենք, որ անիկա անձնատուր պիտի չըլլայ», աւելցուց ան:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն մտավախութիւն յայտնեց այն մասին, որ ազգային երկխօսութիւնը դատարկ օղակի մէջ դառնայ եւ կառավարութիւնը անդամալուծուի, իսկ երկիրին հարցերը աւելի եւս բարդանան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին առումով Հըզպալլա եւ Իսրայէլ նոյն խրամատին մէջ կը գտնուին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 100 լ. ոսկիով, իսկ 98 օքթան պենզինի սակը` 200 լ. ոսկիով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը չգումարելու պարագային կորսուելիք գումարները Լիբանանին տրուելիք վարկեր են եւ ոչ նուիրատուութիւններ, հետեւաբար եթէ օրէնսդրական նիստ մը չգումարուի, Լիբանան նուիրատուութիւն չէ, որ կը կորսնցնէ, այլ` վարկեր, այլ խօսքով` յաւելեալ պարտքեր:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին քաղաքական լուծում մը կարելի պիտի ըլլայ` զինուորապէս ահաբեկչութեան վերջ տալէ ետք:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի աղբի տագնապին լուծման առումով պիտի կատարէ կարգ մը առաջարկներ, որոնք կը համընկնին երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի ծրագիրին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ բոլորը կառչած կը մնան կառավարութեան` աւելցնելով, թէ կառավարութիւնը թիրախ դարձնել կը նշանակէ երկրին ապահովական կայունութեան վնասել:

«ՕՔԱԶ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդ օրերը վճռակամ պիտի ըլլան` Լիբանանի կառավարութեան գոյատեւման առումով:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ինք կառավարութիւնը նիստի պիտի չհրաւիրէ, եթէ արդիւնքներու իմաստով յստակ պատկերացում չունենայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ դիւանին մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին 17 ընտրական օրինագիծ ներկայացուած է:

ԺՊԷՅԼԻ քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ լուրջ աշխատանքի սկսած է յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Վաղը Վիեննայի Մէջ Սուրիոյ Վերաբերող Բանակցութիւններ` Իրանի Մասնակցութեամբ

Յաջորդը

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա Երկխօսութեան 20-րդ Նիստ

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?