Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկխօսութեան 8-րդ Նիստին Ընթացքին Քննարկուեցան Հանրապետութեան Նախագահին Յատկանիշները, Իսկ Հպանցիկ Ակնարկ` Աղբերու Տագնապին

October 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

22475161042_a30ce657f8_c

26 հոկտեմբերին գումարուած եւ երեք ժամ տեւած ազգային երկխօսութեան 8-րդ նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները, իսկ վերջին կէս ժամուան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շուրջ հարիւր օրէ ի վեր երկիրը կլանող աղբերու տագնապին:

Երկխօսութեան նիստին ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ անոր քաղաքական խորհրդատու, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, վարչապետ Թամմամ Սալամ եւ ընկերային հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ երեսփոխան Ահմետ Քարամէ, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ եւ նախկին երեսփոխան Եուսեֆ Սաատէ, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ եւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ, երեսփոխան Միշել Մըր, երեսփոխան Ղազի Արիտի,  նախկին երեսփոխան Ժաուատ Պուլոս, երեսփոխան Թալալ Արսլան եւ Հասան Համատէ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան եւ նախկին նախարար Ալի Քանսօ, խորհրդարանի փոխնախագահ, երեսփոխան Ֆարիտ Մքարի եւ երեսփոխան Ռոպեր Ֆատել, զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն եւ Էլիաս Ապու Հալա:

Նիստէն կը բացակայէին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` անհանգստութեան պատճառով, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ` ճամբորդութեան պատճառով, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ կուսակցութիւնը կ՛առկախէ նիստերուն իր մասնակցութիւնը երկրին մէջ տիրող կացութեան պատճառով եւ սպասելով քաղաքացիներուն կարեւոր հարցերուն, որոնց կարգին աղբերը փողոցներէն վերցուելուն ելք մը գտնելուն:

Նիստին ընթացքին շարունակուեցաւ քննարկուիլ նախորդ նիստերուն սկսած Հանրապետութեան նախագահին յատկանիշները, որոնց առնչութեամբ կարելի չեղաւ յստակ համաձայնութիւն գոյացնել:

Վերջին կէս ժամուան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ աղբերու հարցին: Վարչապետ Թամմամ Սալամ այս մասին խօսելով դիտել տուաւ, որ պատրաստակամ չէ աղբերու տագնապին պատասխանատուութիւնը առանձինն ստանձնելու` հաստատելով, որ երկխօսութեան մասնակից կողմերը պէտք է պատասխանատու ըլլան այս հարցին, ինչպէս նաեւ անոր լուծում մը գտնելու մէջ: Իր խօսքը եզրափակելով վարչապետը նշեց, որ իր համբերութիւնը սահման ունի:

Երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի երեքշաբթի, 3 նոյեմբեր 2015-ին:եռնալիբանանի թաղամասերուն մէջ պատահեցաւ ահաւոր տեսարան է»:

 

 

Նախորդը

Ուսուցիչներու Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցը Քննարկման Առարկայ Չէ, Անիկա Կարմիր Գիծ Է» Յայտարարեց Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.