Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Դիւանի Նիստին Քննարկուեցան Օրակարգային Նախագիծեր

October 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

parliament-committee102715

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին, որուն ընթացքին սերտուեցաւ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգը:

Հանդիպումէն ետք խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆերիտ Մքարի հաստատեց, որ խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին համար ճշդուած են 19 բանաձեւեր, որոնք բոլորն ալ պետութեան ելեւմուտքին եւ վարկերուն կը վերաբերին: Ան դիտել տուաւ, որ ազգային գիտակցութիւնն ու պատասխանատուութիւնը պարտք կը դնէ բոլորիս ուսերուն` վաւերացնելու ներկայացուած օրինագիծերը: Մքարի յայտարարեց, որ օրակարգի վրայ կային տարբեր ծրագիրներ եւ նախագիծեր, որոնք պէտք է սերտուէին` դիտել տալով, որ այդ ժողովին կարելի չէ եղած բոլոր կէտերը ուսումնասիրել, մանաւանդ որ անոնցմէ ոմանք տակաւին նոր փոխանցուած էին դիւանին:  Անոր համաձայն, քաղաքացիութեան վերականգնման օրինագիծը ներառուած է օրակարգի վրայ, սակայն պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձքի բանաձեւին ընդարձակ ըլլալուն պատճառով անիկա տակաւին ուսումնասիրութեան կը կարօտի: Փոխնախագահը նաեւ ըսած է, որ տակաւին չեն հասած ընտրութիւններու օրէնքի քննարկման:

Ֆերիտ Մքարի յայտարարեց, որ խորհրդարանի դիւանը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ եւ աշխատանքները պիտի շարունակէ 3 նոյեմբերին:

Նիստի աւարտին, մասնակից երեսփոխանները դիտել տուին, որ անիկա հիմնականօրէն ծառայած է միտքերու փոխանակման եւ տեսակէտներու բիւրեղացման` հաստատելով, որ կարգ մը բանաձեւեր մանաւանդ աւելի մանրամասն ուսումնասիրութեան եւ վերամշակման կը կարօտին, որպէսզի անոնք իրենց վերջնական ձեւին մէջ ներկայացուին խորհրդարանին` առ ի վաւերացում:

Քաղաքացիութեան վերականգնման բանաձեւին տակ ստորագրեցին երեսփոխաններ Ալէն Աունն ու Էլի Քայրուզը` նկատի ունենալով, որ այս օրինագիծին վերաբերող համաձայնութիւն եւ համակարգում գոյութիւն ունի Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ այս օրէնքի նախագիծը, ինչպէս ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին  յայտարարած է Ազգային Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, շատ կարեւոր եւ հիմնական է, որպէսզի կարելի ըլլայ գոյութիւն ունեցող բացթողումներն ու թերութիւնները սրբագրել եւ դուրս գալ սահմանադրական բոլոր հաստատութիւնները անդամալուծող քաղաքական տագնապալի վիճակէն:

Քանաան շեշտեց, որ ոչինչ աւելի կարեւոր է, քան երեսփոխանական ընտրութիւններուն ճամբով ժողովուրդին վերադառնալն ու անոր դիմելը` հաստատելով, որ այս հարցին քննարկումը պիտի շարունակէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ քաղաքական միւս ուժերուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ օրէնքի նախագիծը ներառել խորհրդարանի օրէնսդրական լիագումար նիստին քննարկուելիք օրակարգին վրայ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ, երեսփոխան Անթուան Զահրա հաստատեց, որ ընտրական օրէնքին վերաբերող կուսակցութեան կեցուածքը կը մնայ նոյնը` անհրաժեշտ նկատելով զայն ներառել խորհրդարանի նիստի օրակարգին վրայ: Ան նշեց, որ թէեւ կարգ մը օրինագիծերու պարագային Ազգային ազատ հոսանքին հետ համադրում եւ մերձեցում կայ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ բոլոր հարցերու պարագային համախոհ են, այլ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իր տեսակէտներն ու կողմնորոշումները:

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Երեսփոխանական Պլոքի Ժողովէն Ետք. «Եթէ Աղբերու Թղթածրարի Քննարկման Ու Կառավարութեան Նիստ Գումարուի, Մեր Լուծումներով Պիտի Մասնակցինք» Կ՛ըսէ Ժրէյսաթի

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Բրիտանիա Մեկնեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.