Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 28, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով դրական պիտի վերաբերին առկայ կացութիւններուն հետ` լիբանանեան պետութեան կառուցման եւ անոր ապահովական կայունութեան ի խնդիր:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք խորհրդակցութիւններ կը կատարէ Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մասնակցելու առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ պաղեստինեան զինեալ թեւի նախկին պատասխանատու Մահմուտ Իսա (ծանօթ իբրեւ Լինօ) յայտնեց, որ Այն Հելուէ եւ Լիբանանի մէջ գործող պաղեստինեան այլ գաղթակայաններ մութ ուժերու որջերու պիտի չվերածուին:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ շեշտեց, որ անհրաժեշտութեան օրէնսդրութիւնը այս հանգրուանին շատ աւելի կարեւոր է, քան կառավարութեան նիստի մը կայացումը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր կոչ ուղղեց սահմանադրական հաստատութիւններուն` աշխատանքը վերաշխուժացնելու եւ մարտահրաւէրներուն դիմաց լիբանանեան պետութիւնը ամրապնդելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է երկրին ապահովութեան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական միջամտութիւնը օգտակար է, եւ անոր նպատակն էր ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ ապա ընտրական օրէնք մը վաւերացնելու մէջ կը կայանայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները զինք տեղեակ պահած են իրեն դէմ սպառնալիքներուն մասին` աւելցնելով, որ իրենք այդ սպառնալիքներուն հանդէպ լուրջ վերաբերում կը ցուցաբերեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ կոչ ուղղեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ նախարարներուն, որպէսզի նախաձեռնեն աղբի տագնապին արագ լուծման:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել նախատեսեց, որ Այն Հելուէի պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ մօտիկ ապագային զինեալ բախումներ արձանագրուին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի սպառնացող մեծագոյն վտանգը ապահովականն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան շուրջ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իրենց ունեցած տարակարծութիւնները չեն նշանակեր, որ իրենց միջեւ երկխօսութիւնը պիտի աւարտի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ իրենք պատրաստ են ժողովրդավարական որեւէ գործողութեան մասնակցելու, պայմանով որ իրենց թեկնածու չպարտադրուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ իրենք Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կը զօրակցին, որովհետեւ յանձնառու են Լիբանանի Ազգային ուխտին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը համաձայն է դրամի լուացումին դէմ պայքարին: Նշենք, որ  Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի կողմէ շաբաթավերջին գործուղուեցաւ Մեհրապ, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա նշեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը երկարատեւ պիտի ըլլայ:

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ շեշտեց, որ շրջանին մէջ համաձայնութիւնները պէտք է սկսին` աւելցնելով, որ յաջորդ հանգրուանին կարելի պիտի ըլլայ որոշ լուծումներ նշմարել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ վարչապետ Թամմամ Սալամի առաջարկեց աղբի տագնապին լուծման հարցով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օժանդակութիւնը խնդրել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը մերժէ որեւէ օրէնսդրական աշխատանքի մասնակցիլ, նախքան նախագահական ընտրութիւնը:

 

Նախորդը

Քրեմլին Չի Բացառեր, Որ Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Տարեվերջէն Առաջ Այցելէ Մոսկուա

Յաջորդը

Թուրքիոյ Դեսպանը Այցելեց Միքաթիի

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?