Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Կը Շարունակէ  Աղբի Տագնապին Լուծման Ջանքերը

Վարչապետ Սալամ Կը Շարունակէ Աղբի Տագնապին Լուծման Ջանքերը

Աղբի տագնապը լուծելու նպատակով վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յետմիջօրէին վարչապետարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը եւ ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանը: Հանդիպումէն ետք Հաժ Հասան յոյս յայտնեց, որ աղբի տագնապին թղթածրարը ունենայ լիբանանցիները հանգստացնող վերջ մը, եւ անոնք վստահ ըլլան, որ Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը կատարեցին իրենց պարտականութիւնը: Իր կարգին, Ալի Հասան Խալիլ նախատեսեց, որ աղբի տագնապին հարցով...

Պահրէյնի Մէջ.  Մաշնուք – Պլինքըն Հանդիպում

Պահրէյնի Մէջ. Մաշնուք – Պլինքըն Հանդիպում

Անթոնի եւ Մաշնուք Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Պահրէյնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Անթընի Պլինքընի հետ: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պլինքըն շեշտեց, որ քննարկուած են լիբանանեան շարք մը հարցեր եւ Սուրիոյ զարգացումները` ողջունելով լիբանանեան ապահովական կառոյցներուն, ներքին գործոց նախարարութեան եւ բանակին ի գործ դրած հսկայական ջանքերը`...

Աշոտ Քոչարեան Այցելեց  Մոհամետ Շուքէյրի

Աշոտ Քոչարեան Այցելեց Մոհամետ Շուքէյրի

Մոհամետ Շուքէյր եւ դեսպան Քոչարեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելեց Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան պալատներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ տարբեր մարզերու մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Շուքէյր ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւններուն խորքը, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ հայութեան ներկայութիւնը: «Լիբանանահայութիւնը երկրին մէջ ազգային մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ, յատկապէս...

«Մարտ 8-ի Եւ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է  Պաշտօնապէս Առաջադրեն Նախագահական  Ընտրութեան Իրենց Թեկնածուները»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Կը Ցաւինք, Որ Լիբանանի Նախագահութիւնը Յանձնուած Է Սէուտական Արաբիոյ Եւ Իրանի» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու նիստին ընթացքին ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները հանրապետութեան նախագահութիւնը յանձնած են Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի: Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ իրենք ներքին եւ արտաքին առումով կը գործեն` լուծելու համար նախագահական թղթածրարը: Անդրադառնալով Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն գոյութեան եւ զանոնք փոքրամասնութիւններ անուանելու իրականութեան` Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ այդ անուանումը...

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն  Դիրքերը Եւ Կը Ստանայ Օժանդակութիւններ

Բանակը Կը Ռմբակոծէ Ահաբեկիչներուն Դիրքերը Եւ Կը Ստանայ Օժանդակութիւններ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախանցեալ երեկոյեան բանակը բազմափող հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներն ու Խէյլ հովիտը` հարուածելով ուղղակի թիրախներ, որոնցմէ է ահաբեկչական խմբաւորումներու պատասխանատուներուն գումարած մէկ ժողովը: Նշենք, որ երէկ բանակը ստացաւ կիպրական զինուորական օժանդակութիւններ, որոնք Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ յանձնուեցան բանակի հրամանատարութեան: Կիպրոս լիբանանեան բանակին ուղարկած էր ատրճանակներ եւ գնդացիրներ, ինչպէս նաեւ զինուորական այլ...

Աղբի Տագնապին Լուծման «Վերջին Ճիգեր»

Աղբի Տագնապին Լուծման «Վերջին Ճիգեր»

Շեհայէպ եւ Սալամ Աղբերու տագնապին լուծման նպատակով եւ կառավարութեան վաւերացուցած ծրագիրին շրջագիծին մէջ նախանցեալ երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցած առաջարկին լոյսին տակ, երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպ, որուն վստահուած է աղբի տագնապին լուծման պատասխանատուութիւնը, մեծ աշխուժութեամբ վերսկսաւ խորհրդակցութիւններու այլ շարքի մը, որ իր բառերով կը կոչուի «վերջին ճիգեր»: «Վերջին ճիգեր»-ուն շրջագիծին մէջ, երէկ առաւօտեան Շեհայէպ ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր վարչապետ Թամմամ...

Բողոքելով Աղբերու Տագնապին Հարցով Կառավարութեան Անտարբեր Կեցուածքին Դէմ`  Քաղաքացիական Շարժումը Սպիտակ Զգեստներով Եւ Մոմերով Քայլարշաւ Մը Կատարեց

Բողոքելով Աղբերու Տագնապին Հարցով Կառավարութեան Անտարբեր Կեցուածքին Դէմ` Քաղաքացիական Շարժումը Սպիտակ Զգեստներով Եւ Մոմերով Քայլարշաւ Մը Կատարեց

Երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն փտածութիւնը լուալու իբրեւ խորհրդանշական քայլ, քաղաքացիական ընկերութեան գործիչներն ու հետեւորդները` կազմակերպութեամբ «Հոտերնիդ ելաւ» արշաւին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին սպիտակ զգեստներով, մոմերով ու ջահերով կատարեցին քայլարշաւ մը, որ սկսաւ Թանգարանի շրջանէն, հասնելով մինչեւ Համրա, ապա Քարաքաս եւ Այն Մրայսէ: Մինչ այդ, երէկ առաւօտեան Քաղաքացիական շարժումին մաս կազմող արշաւներու անդամներ վարչապետարանին առջեւ աղբ նետեցին` իբրեւ բողոք աղբի տագնապի լուծման...

Արթիւր Նազարեան Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Ստորագրեց Կենսոլորտը Չապականող Ուժանիւթի Զօրակցութեան Համաձայնագիր Մը

Արթիւր Նազարեան Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Ստորագրեց Կենսոլորտը Չապականող Ուժանիւթի Զօրակցութեան Համաձայնագիր Մը

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն պահ մը Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերէր Ժոզ գետին վրայ զետեղուած ջրելեկտրակայաններուն օգտագործումին, որուն նպատակն է առանց կենսոլորտը ապականելու ուժանիւթ ստանալ: Ասիկա Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուած ծրագիր մըն է, որուն գործադրութիւնը ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը: Նախարար Արթիւր Նազարեան ողջունեց Իտալիոյ կառավարութեան...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը  Կը Ձերբակալեն ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Լիբանանցի Մը

Ահաբեկիչներն Ու Ահաբեկչական Բջիջները` Հետապնդումի Եւ Ձերբակալումի Թիրախ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը ահաբեկչական բջիջները հետապնդելու շրջագիծին մէջ երէկ ձերբակալեց սուրիացի Օ. Զ.-ն, որ անդամ էր զինեալ խմբաւորումի մը եւ կը զբաղէր զէնքի մաքսանենգումով: Հարցաքննութեան ընթացքին ձերբակալեալը խոստովանած էր, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն զէնք եւ զինամթերք ապահոված է: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը հարաւային Լիբանանի մէջ կատարեց խուզարկումներ: Իր կարգին, լիբանանեան բանակը Պապ Թըպպանէի...

Ռաատ. «Հաւատադրժողական Շարժումները  Ոչ Մէկ Մուտք Ունին  Լիբանան Հասնելու»

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կ՛ընդգծէ Երկխօսութեան Անհրաժեշտութիւնը

Մոհամետ Ռաատ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է փոխըմբռնումի եւ կենցաղային ու սահմանադրական հարցերուն լուծման: Պլոքը հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ երկխօսութեան: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ շեշտեց խորհրդարանին եւ կառավարութեան աշխատանքները բարելաւելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով սահմանադրութեան գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնելով...

«Սի. Այ. Էյ.»-ի Փոխտնօրէնը Գաղտնի Այցելութիւն Մը Տուած Է Լիբանան

«Սի. Այ. Էյ.»-ի Փոխտնօրէնը Գաղտնի Այցելութիւն Մը Տուած Է Լիբանան

Տէյվիտ Քոհեն «Սաֆիր» օրաթերթին համաձայն, Ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան` «Սի. Այ. Էյ.»-ի փոխտնօրէն Տէյվիտ Քոհեն աւելի քան տասը օր առաջ գաղտնի այցելութիւն մը տուած է Լիբանան: Երեք ժամ տեւած այցելութեան ընթացքին Քոհեն առանձին հանդիպումներ ունեցած է ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ: Միւս կողմէ, ան միացեալ հանդիպում մը...

Մատրիտի Մէջ.  Սինիորա – Քի Մուն Հանդիպում

Մատրիտի Մէջ. Սինիորա – Քի Մուն Հանդիպում

Քի Մուն եւ Սինիորա Նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ մասնակցեցաւ Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած «Ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դիմադրութիւն» նիւթով խորհրդաժողովի մը, որուն ընթացքին արտասանեց խօսք մը: Խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խօսէ Մանուէլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի...

Պըրրի. «Աղբի Տագնապին Լուծումը  Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է»

Պըրրի. «Աղբի Տագնապին Լուծումը Ազգային Անհրաժեշտութիւն Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, ընթացքին որուն ընթացքին յայտնեց, թէ խորհրդարանի դիւանի նիստը դրական էր` նշելով, որ դիւանը իր աշխատանքները պիտի շարունակէ երեքշաբթի օր, պատրաստելու համար խորհրդարանի օրէնսդրական նիստ մը: Պըրրի ընդգծեց նաեւ երկխօսութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ Ամալ շարժումի մասնակցութեամբ Հըզպալլա-Մուսթաքպալ հոսանք երկխօսութիւնը ընթացած է դրական մթնոլորտի մէջ: Անդրադառնալով երկրին...

Պասիլ Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ  Վիեննայի Խորհրդաժողովին

Պասիլ Լիբանանը Պիտի Ներկայացնէ Վիեննայի Խորհրդաժողովին

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտնեց, որ Լիբանան հրաւիրուած է Սուրիոյ տագնապին վերաբերող Վիեննայի խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 30 հոկտեմբեր 2015-ին` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ: Զախարովա յայտնեց, որ այդ խորհրդաժողովին հրաւիրուած են նաեւ Իրան, Եգիպտոս, Իրաք եւ Լիբանան: Աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ Վիեննայի խորհրդաժողովին Լիբանանը պիտի ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարար...

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ  Քննարկեց Աղբի Տագնապին Հարցը

Վարչապետ Սալամ Մուքպելի Հետ Քննարկեց Աղբի Տագնապին Հարցը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Մուքպել յայտնեց, որ Սալամի հետ քննարկած է աղբի տագնապին թղթածրարը` աւելցնելով, որ այդ տագնապին լուծումը կախեալ է հիմնական երկու աղբանոցներու ստեղծումէն, առաջինը` Պեքաայի, իսկ երկրորդը` Աքքարի մէջ: «Այս մասին մենք Հըզպալլայէն եւ Ամալ շարժումէն կը սպասենք Պեքաայի մէջ աղբանոց մը...

Մուքպել Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Մուքպել Ընդունեց Կիպրոսի Դեսպանը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթին, որ յայտնեց, թէ իր կատարած այցելութեան նպատակն է հաստատել, որ երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի գործակցութիւն գոյութիւն ունի: Ան շեշտեց, որ Մուքպելի հետ քննարկած է լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք կիպրական զինուորական օժանդակութիւնը, որ Պէյրութ պիտի հասնի վաղը` ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին: Ռաֆթի ընդգծեց, որ Լիբանանի եւ Կիպրոսի...

Ասիրի. «Սէուտական Արաբիա Կը Յարգէ Լիբանանի Դատական Իշխանութեան Օրէնքները»

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա սրտանց կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն` յուսալով, որ անոնք իրենց ներքին հարցերը պիտի լուծեն եւ երկխօսութիւնը պիտի գործնականացնեն: Անդրադառնալով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ձերբակալուած սէուտցի իշխան Ապտել Մըհսեն պըն Ապտել Ազիզի` Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատ կը յարգէ Լիբանանի դատական իշխանութեան օրէնքները` աւելցնելով, որ հարցը...

«Մարտ 8-ի Եւ 14-ի Քաղաքական Ուժերը Պէտք Է  Պաշտօնապէս Առաջադրեն Նախագահական  Ընտրութեան Իրենց Թեկնածուները»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի Պատրիարք. «Վարչապետ Սալամ Անխոհեմ Չէ, Որ Հրաժարի Իր Պաշտօնէն Եւ Երկիրը Նետէ Անորոշութեան Գիրկը»

Պշարա Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ կը գտնուէր Հռոմ եւ հանդիպումներ ունեցած էր Ֆրանչիսկոս պապին եւ այլ հոգեւորականներու հետ ու քննարկած Լիբանանի ներկայ իրավիճակը, երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ պատրիարքը յայտնեց, որ ինք կը կասկածի վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարելէն: «Վարչապետ Սալամ պէտք չէ հրաժարի: Հրաժարականը որո՞ւ պիտի ներկայացնէ, ո՞վ պիտի ընդունի զայն», հարց տուաւ...

Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովական  Կառոյցը Կը Շարունակեն  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը

Լիբանանեան Բանակն Ու Ապահովական Կառոյցը Կը Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը

Լիբանանեան բանակը երէկ ռմբակոծեց Ռաս Պաալպէքի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը: Բանակի զօրամաս մը նախանցեալ երեկոյեան Թըպպանէի եւ Քըպպէի մէջ ձեռնարկած ընդարձակ խուզարկութեան շրջագիծին մէջ, խուզարկեց նաեւ ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուիի բնակարանը: Ահաբեկիչները ձերբակալելու արշաւին ծիրին մէջ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը ձերբակալեցին Ժապհաթ Նուսրայի անդամ սուրիացի մը` Խ. Ե., որ լիբանանեան բանակին դէմ Արսալի վերջին կռիւին իր մասնակցութիւնը բերած էր:...

Հաննա Ղարիպ. «Սենտիքայական Համակարգումի  Խորհուրդի Նոր Ղեկավարութիւնը Ոչինչ  Կատարած Է Յաւելումներուն Հարցով»

Հաննա Ղարիպ. «Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Նոր Ղեկավարութիւնը Ոչինչ Կատարած Է Յաւելումներուն Հարցով»

Սենտիքայական անկախ հոսանքի նախագահ Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նոր ղեկավարութիւնը տարիէ մը ի վեր ոչինչ կատարած է յաւելումներուն հարցով: Ան շեշտեց, որ Սենտիքայական անկախ հոսանքէն պահանջուած է իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել եւ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին վրայ գրաւ չդնել` աւելցնելով, որ Սենտիքայական անկախ հոսանքը այս շաբաթ նիստ մը պիտի գումարէ եւ իր քայլերը որդեգրէ: Միւս կողմէ, պետական հաստատութիւններու պաշտօնեաներու...

Page 890 of 986 1 … 889 890 891 … 986

Արխիւներ