Պըրրի Նախագահեց Երեսփոխանական Նիստի Մը` Լիբանանի Վրայ Բանեցուող Տնտեսական Ճնշումներուն Լուծումներ Գտնելու Համար
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անցեալ շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպանին, Եասին Ժապերը, Պասեմ Շապը, Ռոպեր Ֆատելը եւ Ալեն Աունը` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտանի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վրայ բանեցւող ելեւմտական եւ տնտեսական ճնշումներուն լուծումներու կարելիութիւնն ու հեռանկարները: Միւս կողմէ, Պըրրիի խորհրդատուներէն Ահմետ Պաալպեքի շեշտեց, որ Հանիպաալ Քազզաֆիի առեւանգումը կատարուած է նիւթական շահեր ապահովելու համար...



















