ՔԱՊ Էլիասի մէջ անծանօթներ առեւանգած են քուէյթցի քաղաքացի Մոհսեն Մուպարաք Մաժետը:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան համաձայն, պրէօվէի պետական քննութիւնները պիտի սկսին 31 մայիսին, իսկ պաքալորէայի պետական քննութիւնները` 9 յունիսին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներ կը հաստատեն Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակման որոշումին ընդդիմանալը քաղաքական ՏԱՀԵՇ-ականութիւն կը նկատուի:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Իսրայէլ միասին գործած են` դիմադրելու Իրանին:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական կեանքը աշխուժացնելու` ընտրելով հանրապետութեան նախագահ մը եւ վերաշխուժացնելով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն ընթացքը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Իրան մեծ պետութիւններուն գոռոզութեան դիմացաւ իր մղած գոյութեան պայքարին եւ Դիմադրութեան շնորհիւ:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը կրնայ երկրին մէջ կրկնել Լահուտ-Հարիրի սենարիոն:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիա կը գտնուի իր տագնապին լուծման սեմին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ այսօր չկայ մէկը, որ կրնայ օժանդակել լիբանանցիներուն` իրենց հարցերը լուծելու համար:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումը արդարութեան դագաղին վրայ ամրացուած վերջին մեխն էր:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն իմաստով, նոյնիսկ դատական առումով ձախող պետութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան քաղաքական կարգ մը կողմեր համաձայնին նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ շեշտեց, որ Զինուորական ատեանին տուած որոշումին վերաբերեալ մեծագոյն հարցը այն է, թէ անիկա ոճիրը օրինական կը դարձնէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ Արաբական լիկային մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքը լիբանանցի ժողովուրդին կեցուածքը չէ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքէն աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումը պիտի բարդացնէ Լիբանանի համայնքային լարուածութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւնը քրիստոնեաներուն եւ երկրին իշխանութեան անոնց մաս կազմելուն համար դրական ծրագիր մըն է:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երկու շաբաթ ետք` նկատի ունենալով վարչապետ Թամմամ Սալամի դէպի Պրիւքսէլ եւ Զուիցերիա կատարելիք ճամբորդութիւնները: