Լիբանան ամէն իմաստով անակնկալներու երկիր է: Կառավարութեան նիստ մը գումարելու մասին նախանցեալ օր կատարուած յայտարարութիւնները, որոնք «դրական մթնոլորտ» կը բուրէին, երէկ վերածուեցան իրապաշտ մթնոլորտի, երբ կառավարութիւնը իր ընթացիկ նիստը գումարեց` ըստ սահմանադրութեան, նիստին ներկայ նախարարներով: Նիստէն բացակայեցան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի եւ Հըզպալլայի նախարարները, որոնց համար նախապայման էր, որ կառավարութեան նիստին քննարկուելիք օրակարգը ընդգրկէր նաեւ զինուորական նշանակումներու թղթածրարը:
Կառավարութեան նիստին զուգահեռ քաղաքացիական ընկերութեան անունով խաղաղ նստացոյցը, որ վերածուեցաւ ապահովութեան ուժերուն հետ բախումի, հետզհետէ կրնար աւելի ծաւալիլ եւ երկրին մէջ յաւելեալ լարուածութիւններ պատճառել:
Սակայն կենսոլորտի նախարարութիւն մուտք գործած եւ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նստացոյց կատարած «Հոտերնիդ ելաւ» եւ «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւներու անդամներուն ձերբակալումով քաղաքացիական շարժումին անդամները ցրուեցան եւ ուղղուեցան դէպի տարբեր ոստիկանատուներ` սպասելով իրենց ընկերներուն ազատ արձակումին: Ազատ արձակումի իսկական լուրը սակայն հնչեց Զինուորական ատեանէն, երբ որոշուեցաւ նախկին նախարար Միշել Սմահան ազատ արձակել:
Բաւական սուղ երաշխաւորագինի պահանջը անմիջապէս կատարուեցաւ եւ որոշումէն քանի մը ժամ ետք Սմահա դարձաւ ազատ քաղաքացի ու վերադարձաւ իր բնակարանը:
Այս որոշումը յառաջացուց քննադատութեան փոթորիկ մը, որուն իբրեւ հետեւանք երեկոյեան ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր Քոռնիշ Մազրաայի, Քասքասի, Մարզական աւանի եւ Վերտանի մէջ, ինչպէս նաեւ Խալտէի մայրուղիին վրայ երիտասարդներ փակեցին ճամբաները եւ անիւներ հրկիզեցին` բողոքելով Սմահան ազատ արձակելու որոշումին դէմ:
Այսօր նոր օր է Լիբանանի համար, նոր օր մը, որուն ընթացքին կրնան գործադրուիլ բողոքի բազմաթիւ ցոյցեր երկրին քաղաքական եւ դատական իշխանութիւններուն դէմ: