Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Սմահա Ազատ Արձակուեցաւ Զինուորական Ատեանին Որոշումով

Յունուար 15, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Միշել Սմահա
Միշել Սմահա

Զինուորական ատեանին որոշումով, նախկին նախարար Միշել Սըմահա երէկ ազատ արձակուեցաւ:

Չորսուկէս բանտային տարուան արգելափակումէ ետք Սմահա ազատ արձակուեցաւ վճարելով 150 միլիոն լ. ոսկիի երաշխաւորագին մը:

Զինուորական վճռաբեկ ատեանի նախագահ դատաւոր Թոնի Լաթթուֆ եւ անոր օգնական սպաներ Ալի Ապի Ռաատ, Կապրիէլ Խալիֆէ, Ժան Ժեմայէլ եւ Ուսամա Աթշան համախոհութեամբ որոշեցին Սմահայի ազատ արձակումը:

Ազատ արձակումի ոոշումին կողքին Միշել Սմահայի արգիլուեցաւ իր ազատ արձակումի թուականէն սկսեալ մինչեւ մէկ տարի ճամբորդել` գրաւելով անոր անցագիրը, ինչպէս նաեւ Սմահայի արգիլուեցաւ իրեն վերաբերող դատական հարցին մասին յայտարարութիւններ կատարել որեւէ լրատուամիջոցի, տպագիր մամուլի կամ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցին վրայ:

Այս որոշումէն ետք Սմահա Ռիհանիէի բանտէն ազատ արձակուեցաւ եւ ուղղուեցաւ Էշրեֆիէի իր բնակարանը:

Սմահա յայտնեց, որ ինք յանձնառու է Զինուորական ատեանի որոշումին եւ իր դատին վերաբերեալ ոչ մէկ բառ պիտի ըսէ:

Անդրադառնալով իր ազատ արձակման որոշումը քննադատող եւ դատապարտող քաղաքական անձնաւորութիւններուն` Սմահա ըսաւ. «Անոնք ազատ են իրենց մտածումներուն եւ համոզումներուն մէջ, սակայն պէտք չէ պաշտպանեն զինեալները` Քայիտան եւ ՏԱՀԵՇ-ը»:

Ան նշեց, որ ինք պիտի շարունակէ քաղաքական իր ասպարէզը:

Սմահայի պաշտպան իրաւաբան Սախըր Հաշեմ յայտնեց, որ Սմահայի ազատ արձակումին որոշումը ոչ մէկ ձեւով կարելի է վիճարկել` աւելցնելով, որ ան ազատ քաղաքացի է, որ կը ներկայանայ դատարան, իր վկայութիւնը կը կատարէ եւ դուրս կու գայ դատարանէն:

Սմահայի ազատ արձակման որոշումը քննադատեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, իսկ ոմանք քննադատեցին այդ որոշումը քննադատողները:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի նշեց, որ Զինուորական ատեանի դատաւորներուն համախոհութիւնը նման որոշումի մը իմաստով համազօր է օրէնքին անունով ոճրագործին ձրի նուէր մը տալու քայլին:

Հարիրի շեշտեց, որ այդ որոշումը ամօթ է եւ պժգալի` աւելցնելով, որ ինք այս իմաստով լուռ պիտի չմնայ: Ան նշեց նաեւ, որ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը խոցելի կը նկատուի, որովհետեւ ոճրագործները արդար վճիռներ չեն ստանար:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր կարգին յայտնեց, որ այս որոշումը ի դերեւ կը հանէ ապահովական կառոյցներուն ի գործ դրած ճիգերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու իմաստով:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ իր կարգին հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել, որ արտաքին ուժերու հետ լիբանանցիներ սպաննելու նպատակով գործակցած քաղաքացի մը ազատ արձակուած է:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի գուժեց Զինուորական ատեանի մահը` զայն ամբաստանելով լիբանանցիներուն դէմ դաւադրութիւն գործելու յանցանքով:

Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ Ժահժահ վերջին անձն է, որ կրնայ անդրադառնալ Զինուորական ատեանի որոշումին, որովհետեւ Սմահա չկատարուած ոճիրի ծրագիր մըն էր, մինչդեռ Ժահժահ իսկական ոճրագործ մը, որուն քաղաքական ներում շնորհուած էր:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ Սմահայի ազատ արձակման որոշումը քննադատող կողմերը ատելութիւն կը սերմանեն եւ կողմնակալութիւն կը կատարեն:

Ռաատ նշեց, որ երբ դատական իշխանութիւնները ազատ արձակած են այլ ոճրագործներ եւ իսրայէլեան գործակալներ, ոչ ոք քննադատած է այդ իշխանութիւնները:

Երեկոյեան խումբ մը քաղաքացիներ փակեցին Քոռնիշ Մազրաայի եւ Քասքասի ճամբաները` բողոքելով Միշել Սմահայի ազատ արձակումին դէմ:

Աւելի ուշ, խումբ մը երիտասարդներ փակեցին Մարզական աւանի ճամբան` դատապարտելով նախկին նախարար Միշել Սմահա ազատ արձակումի որոշումը:

Միւս կողմէ, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու երիտասարդական կազմակերպութիւնները կոչ ուղղեցին այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ, Սմահայի բնակարանին դիմաց կատարելու բողոքի նստացոյց մը եւ մերժելու Զինուորական ատեանին որոշումը:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Գումարեց Իր Ընթացիկ Նիստը` Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարներուն Բացակայութեան

Յաջորդը

Զինուորական Ատեանը Ազատ Արձակեց Միշել Սմահան, Իսկ Կառավարութիւնը Գումարեց Ընթացիկ Նիստ Մը` Համախմբումի Եւ Հըզպալլայի Նախարարներուն Բացակայութեան

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?