Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երէկ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ կատարեց իր ներքին կուսակցական ընտրութիւնները` հիմնուելով համամասնական դրութեան վրայ:
Ազգային ազատ հոսանքի տեղեկատու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կուսակցութիւնը Աքքարի, Պաալպեք-Հերմելի, Ժեզզինի, Ժիպէյլի, Քեսրուանի, Պէյրութ Ա. ընտրաշրջանի եւ Ալէյի մէջ կատարած է կուսակցութեան ղեկավարութեան յատուկ ընտրութիւնները` առաջին անգամ ըլլալով կիրարկելով ընտրական համամասնական դրութիւնը:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, որ ընտրութիւններու մասնակիցներուն համեմատութիւնը աւելի քան 70 առ հարիւր եղած է:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ շրջեցաւ բոլոր շրջանները` ընդգծելով ընտրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պասիլ նշեց նաեւ, որ նոյն կուսակցութեան մէջ մրցակցութիւնը պիտի աշխուժացնէ Ազգային ազատ հոսանքը` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն է լաւագոյն կերպով ծառայել այդ կուսակցութեան առաքելութեան:
«Մենք կարողութիւն ունինք կանոնաւորելու երկրին պետական հաստատութիւնները եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու` առանց յաւելեալ երկարաձգումներու: Մենք լիբանանցի մեր գործակիցներուն կ՛ուզենք փաստել, թէ կամենալը կարենալ է», ըսաւ Պասիլ:
Նշենք նաեւ, որ կուսակցութեան հիմնադիր, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթ երեկոյեան կոչ ուղղած էր բոլորին յարգելու ժողովրդավարութիւնը եւ մասնակցելու ընտրութիւններուն` մաղթելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը սերունդներու ընդմէջէն կը գոյատեւէ: