Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը համազօր է անձնասպանութեան` նշելով, որ շուրջ երկու տարիէ ի վեր նախագահական աթոռը թափուր է, եւ Լիբանան իր բոլոր հաստատութիւններուն նման կը տառապի անիշխանութենէն:
Ժեմայէլ նշեց, որ նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով առաջադրուած որեւէ նախաձեռնութիւն շնորհակալ քայլ մըն է` ընդգծելով, որ կարեւորը նախագահական ընտրութիւն կատարելն է:
Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան արգելակումը կարելի չէ անջատել շրջանային տագնապէն: