Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Սմահայի Ազատ Արձակումը Յառաջացուցած Է Բողոքի Հսկայ Ալիք Մը

Յունուար 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sassine1_011516

Նախկին նախարար Միշել Սմահան ազատ արձակելու Զինուորական ատեանին որոշումը երկրին մէջ յառաջացուց բողոքի հսկայ ալիք մը, որուն իբրեւ արդիւնք Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը, ընկերակցութեամբ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան համակիրներուն, կրցան տասնամեակ մը ետք լուսարձակները դարձեալ իրենց վրայ կեդրոնացնել եւ իրենց քաղաքական կարգախօսները հնչեցնել հանրապետութեան երկու նախագահներ տուած շրջանէն` Էշրեֆիէէն:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական թեւերուն կողմէ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին Սեսինի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` մերժելու համար Միշել Սմահայի ազատ արձակումը:

Ապահովութեան ուժերը հսկեցին ցուցարարներուն ապահովութեան, ինչպէս նաեւ որդեգրեցին ապահովական խիստ միջոցառումներ` փակելով Սեսինէն դէպի Սմահայի բնակարանը առաջնորդող բոլոր մուտքերը:

Կատարուած խաղաղ ցոյցին ընթացքին ցուցարարները քննադատեցին Զինուորական ատեանը եւ հաստատեցին, որ Էշրեֆիէն կը մերժէ ընդունիլ զայն:

Ցուցարարներուն միացաւ նաեւ կենդանի նահատակ լրագրող Մայ Շիտիաք, որ յայտնեց, թէ «Պաշիրի Էշրեֆիէ»-ն կը մերժէ հիւրընկալել ոճրագործ Սմահան, որուն համար չորս տարուան բանտարկութիւնը անբաւարար է:

Ցոյցին մասնակցեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ Էշրեֆիէն Հըզպալլայի դիմաց ծնրադրելու պատրաստ չէ` նշելով, որ Հըզպալլա իր հակակշիռին տակ առած է Զինուորական ատեանին որոշումները:

Ան շեշտեց, որ Էշրեֆիէ շրջանը սակարկութիւնները կը մերժէ եւ այս ծիրին մէջ կը մերժէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի, ինչպէս նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Սլէյմանի թեկնածութիւնը:

Ապա ցուցարարները ուղղուեցան Սեսինի հրապարակին յարակից այն շրջանը, ուր ահաբեկչութեան թիրախ դարձաւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասան եւ կոչ ուղղեցին` երկուշաբթի, 18 յունուարին բողոքի նման ցոյց մը կատարելու Թրիփոլիի մէջ:

tripoli2_011516f

Միւս կողմէ, Սմահայի ազատ արձակումը պատճառ դարձաւ, որ Ռումիէի մէջ իսլամական բանտարկեալները հացադուլի մը սկսին` պահանջելով զիրենք Սմահայի հաւասար նկատել:

Բանտարկեալներուն անունով Ժաաֆար Շահհալ պահանջեց ընդհանուր ներում շնորհել իսլամական բանտարկեալներուն եւ Զինուորական ատեանին մօտ գտնուող բոլոր արգելափակեալները ազատ արձակել:

Ռումիէի մէջ արգելափակուած իսլամական բանտարկեալներուն հարազատները Թրիփոլիի մէջ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք խստիւ դատապարտեցին Սմահան ազատ արձակելու որոշումը` պահանջելով իրենց զաւակներուն ազատ արձակումը:

Իսլամական բանտարկեալներուն ընտանիքները Մանսուրիի մզկիթին շրջափակին մէջ կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին շէյխ Մոհամետ Իպրահիմ պահանջեց ազատ արձակել Թրիփոլիի զաւակները, որոնց յանցանքները շատ աւելի մեղմ են` բաղդատելով Սմահայի գործած յանցանքին:

Նշենք, որ արգելափակեալներուն հարազատները որոշ ժամանակուան մը համար փակեցին Թրիփոլիի սերային ճամբան, իսկ Պէյրութի մէջ նոյն բողոքին իբրեւ արտայայտութիւն փակուեցան Քասքասի եւ Խաշըքժի մզկիթին ճամբաները, ինչպէս նաեւ Քոլայի հրապարակը:

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Աշխատանքները Հունի Մէջ Մտած Են»

Յաջորդը

Կարօ Փայլան Թուրքիոյ Խորհրդարանին Կ՛առաջարկէ Վերցնել «Ազգային Գաղտնաթիւ»-ի Կիրարկումը

RelatedPosts

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին  Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

«Եկայ Լիբանանին Ու Անոր Ժողովուրդին Քուէյթի Աջակցութիւնը Հաստատելու» Կ՛ըսէ Քուէյթի Ներքին Գործոց Նախարարը

Յուլիս 15, 2025
Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ  Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար  Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Մորաթինոսէն Կը Խնդրէ Աջակցիլ Լիբանանի Մէջ «Հանդիպման Եւ Երկխօսութեան Համար Մարդու Ակադեմիա»-ի Ստեղծման

Յուլիս 15, 2025
Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ  Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց  Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ  Շարունակելու Կարելիութիւնը»
Լիբանանեան

Նասսար. «Սալամին Առաջարկեցի Սուրիոյ Հետ Քննարկել Սուրիացի Բանտարկեալներուն Իրենց Պատիժը Այդ Երկրին Մէջ Շարունակելու Կարելիութիւնը»

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?