Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սինիորա. «Կը Մերժենք Դարձեալ Ենթարկուիլ Հոգատարութեան Եւ Սմահայի Նման Ոճրագործներուն Իշխանութեան»

January 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

siniora_tamparan_011716

Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա` ընկերակցութեամբ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու անդամ մեծ թիւով երեսփոխաններու, որոնց շարքին նաեւ նախարարներ Նուհատ Մաշնուքի եւ Պութրոս Հարպի, շաբաթ կէսօրին այցելեց Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:

Իր արտասանած խօսքին մէջ Սինիորա մերժեց Զինուորական ատեանին կողմէ նախկին նախարար Միշել Սմահան ազատ արձակելու որոշումը:

Սինիորա յայտնեց, որ այդ որոշումը կը մեռցնէ արդար դատական իշխանութիւններ ունենալու լիբանանցիներուն երազը` անոնց մօտ ամրապնդելով Միջազգային դատական ատեանին դիմելու պատրաստակամութիւնը` արդարութեան ի խնդիր:

Սինիորա շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը մերժեն այդ որոշումը եւ այդ որոշումը տալու հոլովոյթին մէջ սեւ շապիկներու ազդեցութիւնը:

Միւս կողմէ, ան խստիւ դատապարտեց իսլամական երիտասարդներու երկարատեւ բանտարկութիւնը` առանց զանոնք դատավարութեան ենթարկելու:

Ան կոչ ուղղեց իրաւաբաններու սենտիքաներուն, այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին լիբանանեան բոլոր դատարաններուն մէջ դիմելու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան` մերժելու համար Սմահան ազատ արձակելու որոշումը:

«Կը մերժենք դարձեալ ենթարկուիլ հոգատարութեան եւ Սմահայի նման ոճրագործներուն իշխանութեան», ըսաւ Սինիորա:

Նախորդը

Հասան Եաագուպի Հարազատները Կը Շարունակեն Բողոքի Իրենց Ցոյցերը

Յաջորդը

«Լիբանան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ծայրայեղութեան Դէմ Պայքարելու Պան Քի Մունի Ծրագիրին» Շեշտեց Նաուաֆ Սալամ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.