Լիբանանեան

Լիբանանեան Մակարդակի Վրայ Մեհրապէն  Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը  Տակաւին Ինքզինք Կը Պարտադրէ

Լիբանանեան Մակարդակի Վրայ Մեհրապէն Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը Տակաւին Ինքզինք Կը Պարտադրէ

Իպրահիմ Քանաան Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը լիբանանեան առումով տակաւին ինքզինք կը պարտադրէ եւ կը նախատեսուի, որ յաջորդող օրերուն այս մասին երեսփոխանական պլոքները իրենց վերջնական կարծիքները յայտնեն, ինչպէս որ Մուսթաքպալ պլոքը կատարեց երէկ, երբ հաստատեց, որ ինք անշեղ պիտի մնայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդեգրած...

Պքերքէի Մէջ.   «Զօր. Աունը Հանրապետութեան Նախագահ  Ընտրելու Հաւանականութիւնը Մեծ Է»  Ըսաւ Ժահժահ

Պքերքէի Մէջ. «Զօր. Աունը Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրելու Հաւանականութիւնը Մեծ Է» Ըսաւ Ժահժահ

Ժահժահ եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ժահժահ յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ իր կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումին հակազդեցութիւնները ըլլան դրական` աւելցնելով, որ ժխտական հակազդեցութեան ոչ մէկ...

Վարչապետ Սալամ Այսօր  Պիտի Մեկնի Պրիւքսէլ Եւ Ապա Զուիցերիա

Վարչապետ Սալամ Այսօր Պիտի Մեկնի Պրիւքսէլ Եւ Ապա Զուիցերիա

Դեսպան Պոն եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր միօրեայ այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Պրիւքսէլ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի հետ` քննարկելու համար Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Վարչապետ Սալամ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ եւրոպացի յանձնակատարներուն հետ` նախապատրաստելու համար յառաջիկայ 4 փետրուարին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներուն խորհրդաժողովը: Վարչապետ...

Հիմնուելով Համամասնական Դրութեան Վրայ`  Ազգային Ազատ Հոսանքը Լիբանանեան  Տարբեր Շրջաններու Մէջ  Կատարեց Իր Ներքին Ընտրութիւնները

Հիմնուելով Համամասնական Դրութեան Վրայ` Ազգային Ազատ Հոսանքը Լիբանանեան Տարբեր Շրջաններու Մէջ Կատարեց Իր Ներքին Ընտրութիւնները

Ժըպրան Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի ներքին կուսակցական ընտրութիւնները ապացուցեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի է կատարել համամասնական դրութեան հիման վրայ: «Ազգային ազատ հոսանքը փաստեց իր յանձնառութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ աշխուժութիւնը», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները կատարուեցան կատարեալ...

Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Մուսթաքպալ Կառչած  Պիտի Մնայ Հարիրիի Ցուցմունքներուն

Նախագահական Ընտրութեան Առումով Մուսթաքպալ Կառչած Պիտի Մնայ Հարիրիի Ցուցմունքներուն

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք հաստատուեցաւ, որ նախագահական ընտրութեան առումով պլոքը կառչած կը մնայ Մուսթաքպալ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցմունքներուն` աւելցնելով նաեւ, որ հիմնական որոշումը կը մնայ խորհրդարանին: Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտեց նաեւ նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումը` ընդգծելով, որ իրենց համար արգիլուած է արդար եւ պարկեշտ դատական իշխանութիւններ ունենալ: Պլոքը պահանջեց Սմահայի...

Օդանաւորդութեան  Անվտանգութեան Գծով.  Նախարար Զաայթեր  Վերստին Կը Զգուշացնէ

Զաայթեր. «Նահր Քալպ – Տըպպայէ Ծովեզերեայ Ճամբան Քանդումի Վտանգին Ենթակայ Է»

Ղազի Զաայթեր Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր երէկ զգուշացուց, որ Նահր Քալպ-Տըպպայէ ծովեզերեայ ճամբան քանդումի վտանգին ենթակայ է: «Մտահոգ եմ նաեւ, որ ամբողջ ճամբան կրնայ քանդուիլ, այսինքն` Պէյրութի ու հիւսիսային Լիբանանի միջեւ ճամբան երկու ուղղութիւններով կրնայ քանդուիլ այս անձրեւոտ եղանակին ընթացքին: Անհրաժեշտ էր այս ճամբուն նորոգութիւնը շատոնց կատարել, որովհետեւ ան 2006-էն ի վեր սկսած է հիննալ եւ...

Սայֆիի Մէջ.  «Նախագահական Ընտրութեան Առումով  Զարգացումները Քննարկելու  Հանգրուանին Մէջ Կը Գտնուինք»   Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Սայֆիի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Զարգացումները Քննարկելու Հանգրուանին Մէջ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

Խալիլ եւ Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններուն իմաստով արձանագրուած զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին իրենց սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը տեսնելու, ինչպէս նաեւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Անդրադառնալով նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն` Խալիլ...

Նազարեան Ժեռարի Հետ Քննարկեց Գաղթականներուն  Օժանդակութիւններ Ապահովելու Կարելիութիւնները

Նազարեան Ժեռարի Հետ Քննարկեց Գաղթականներուն Օժանդակութիւններ Ապահովելու Կարելիութիւնները

Ժեռար եւ Նազարեան Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի ներկայացուցիչ Միրէյ Ժեռարը, որուն հետ քննարկեց սուրիական տագնապը եւ անոր հետեւանքները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն վերաբերեալ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններ ապահովելու կարելիութիւնները` կարելի եղածին չափ ընկերային գերզգայնութիւնները կանխարգիլելու նպատակով: Քննարկուեցան նաեւ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք սուրիացի գաղթականներուն նուիրատու երկիրներուն խորհրդաժողովին...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Շարաուինայի Մէջ Գրաւեց Զէնքեր Եւ Թմրեցուցիչ Պատրաստելու Յատուկ Սարքեր

Լիբանանեան բանակը երէկ խուզարկեց Պաալպեքի Շարաուինա շրջանը, ուրկէ ան գրաւեց զէնքեր եւ թմրեցուցիչ պատրաստելու յատուկ սարքեր, ինչպէս նաեւ 16 քամերաներ: Սակայն բանակը չկրցաւ ձերբակալել յանցագործներն ու դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուածները: Միւս կողմէ, ապահովութեան ուժերը երէկ Սայտայի Հասպէ շրջանին մէջ կասկածեցան արծաթագոյն փոխադրատարէ մը, որ անմիջապէս ստուգումի ենթարկուեցաւ եւ ի յայտ եկաւ, որ ան ականուած չէ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ատակ քաղաքական կողմը չէ այս կամ այն անձնաւորութեան թեկնածութիւնը առաջադրելու նախագահական ընտրութեան: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պատմութիւնը չ՛արտօներ, որ ան այդ մէկը կատարէ», ըսաւ ան: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ...

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն .  Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը  Կ՛որդեգրէ Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը»

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւն . Ժահժահ. «Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը Կ՛որդեգրէ Զօր. Աունի Թեկնածութիւնը»

Ֆրենժիէ. «Կը Մնամ Նախագահական Ընտրութեան Թեկնածու» Լիբանանցիներուն համար երազ նկատուող պահը երէկ դարձաւ իրական, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ կատարուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը պաշտօնապէս կ՛որդեգրէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը: Ոմանց կողմէ պատմական եւ այլոց կողմէ գերիրապաշտ որակուած այս կեցուածքը որդեգրուեցաւ ներկայութեամբ...

Պըրրի. «Զինուորական Նշանակումները  Արգելակող Հարցերը Լուծուած Կը Նկատեմ»

Պըրրի. «Զինուորական Նշանակումները Արգելակող Հարցերը Լուծուած Կը Նկատեմ»

Միքաթի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլան, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ` ներկայութեամբ Պըրրիի...

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան  Կամաւոր Ուժերը  Մասնաայի Սահմանը Հասնելէ Ետք  Վերադարձան Պէյրութ

Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կամաւոր Ուժերը Մասնաայի Սահմանը Հասնելէ Ետք Վերադարձան Պէյրութ

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւոր անդամներ երէկ կէսօրին հաւաքուեցան Կեդրոնական Պէյրութ, ուրկէ անոնք 12:55-ին ուղղուեցան Սուրիա` մաս կազմելու համար սուրիական շրջաններու մէջ մարդասիրական աշխատանքներուն: Հասնելէ ետք Մասնաայի սահմանը` անոնք որոշեցին Սուրիա ուղղուելու իրենց որոշումը յետս կոչել` զիրենք իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատելու խոստումներուն լոյսին տակ: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը գնահատեց իր անդամներուն ընդառաջումը` ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի նախաձեռնութեան, որուն լոյսին տակ...

Վարչապետ Սալամ Քննարկեց 6 Մայիսի  Նահատակներուն 100-Ամեակը Նշելու  Նախապատրաստութիւնները

Վարչապետ Սալամ Քննարկեց 6 Մայիսի Նահատակներուն 100-Ամեակը Նշելու Նախապատրաստութիւնները

Դեսպան Ճոնզ եւ վարչապետ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Նահատակները մեծարելու փաղանգին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սամի Ապտել Պաքիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 6 մայիսի նահատակներուն 100-ամեակը Նահատակաց հրապարակին վրայ նշելու նախապատրաստութիւնները: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու...

Սմահայի Ազատ Արձակումին Դէմ  Ցոյց` Թրիփոլիի Մէջ

Սմահայի Ազատ Արձակումին Դէմ Ցոյց` Թրիփոլիի Մէջ

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական թեւը, որուն միացաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը,  երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թրիփոլիի Սալամ մզկիթին դիմաց նստացոյց մը կատարեց` բողոքելով նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումին դէմ: Ցուցարարները խստիւ դատապարտեցին Զինուորական ատեանին կողմէ տրուած`  Սմահան ազատ արձակելու որոշումը:  

Ռիֆի Թրքական Պատուիրակութեան Մը Հետ  Քննարկեց Թրիփոլիի Եւ Աքքարի Կարիքները

Ռիֆի Թրքական Պատուիրակութեան Մը Հետ Քննարկեց Թրիփոլիի Եւ Աքքարի Կարիքները

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ Զինուորական ատեանի դատախազ Թոնի Լաթթուֆը փոխանցեց Դատական իշխանութեան քննիչներու ատեանին` նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումի որոշումին հարցով: Միւս կողմէ, Ռիֆի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թիքա» համադրումի եւ բարգաւաճման թրքական գործակալութեան պատուիրակութիւն մը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյր: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Թրիփոլիի եւ...

Հըզպալլա Ձերբակալած Է Գործակալ Մը

Հըզպալլա Խստիւ Դատապարտեց Տէր Զօրի Մէջ Գործուած Սպանդին Նկատմամբ Արաբական Եւ Միջազգային Լռութիւնը

Հըզպալլա երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց այս դարու ահաբեկիչներուն` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գործած սպանդը, որուն զոհ գացին աւելի քան երեք հարիւր քաղաքացիներ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նոյնքան եւ աւելի դատապարտելի է այդ սպանդին նկատմամբ արաբական եւ միջազգային լռութիւնը: «Մարդկային իրաւունքները պաշտպանողներուն լռութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի համար լաւագոյն հովանաւորութիւնն է` շարունակելու համար քաղաքացիներուն դէմ իր գործած նախճիրները», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան...

Ուահապ Զօր. Քահուաժիի Եւ Ապպաս  Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական  Իրադարձութիւնները

Ուահապ Զօր. Քահուաժիի Եւ Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որոնց հետ քննարկեց երկիրը յուզող ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցները ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան գործադրութեան սկսելու առիթով, Ուահապ շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան վտանգը կը սպառնայ բոլոր ժողովուրդներուն, եւ այդ իրականութիւնը կ՛ենթադրէ արաբական-իսլամական ուխտ մը հիմնել` այդ ահաբեկչութեան դիմադրութեան համար: ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Զինուորական խորհուրդին համար քաղաքական նշանակում կատարել: «ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնած է, թէ Իրանի նախագահ...

Սպասելով «Ուրսուլա»-ին`  Բոլորին Հայեացքները  Ուղղուած Են Դէպի Փողոց

Սպասելով «Ուրսուլա»-ին` Բոլորին Հայեացքները Ուղղուած Են Դէպի Փողոց

Լիբանան ապրեցաւ բաւական տաք շաբաթավերջ մը, թէ՛ կլիմայի եւ թէ՛ իրադարձութիւններու առումով: Իրադարձութիւնները կեդրոնացան զանազան շրջաններու մէջ` հիմնականին մէջ դրսեւորուելով իբրեւ բողոքի ցոյցեր: Քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչները շաբաթ կէսօրէ առաջ խորհրդանշական ցոյց մը կատարեցին Քարանթինայի աղբի զտարանին դիմաց` պահանջելով պետութենէն չխաբել ժողովուրդը, այլ` բացայայտել Լիբանանի աղբը հիւրընկալող երկրին կամ աղբերը դուրս բերող ընկերութեան անունը: Այս պահանջը կու գար «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք»-ի...

Page 866 of 986 1 … 865 866 867 … 986

Արխիւներ