Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուսթրոս Պալատին Մէջ. «Ապահովական Կացութեան Գծով Մեր Մտահոգութիւնները Ամբողջ Աշխարհին Կը Վերաբերին» Շեշտեց Ճոնզ

January 16, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

bassil_jones_011516

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի մասնակցութիւնը` 25 յունուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք Սուրիոյ օժանդակութեան միջազգային խորհրդաժողովին, ինչպէս նաեւ 4 փետրուարին կայանալիք Սուրիոյ նուիրատու երկիրներու խորհրդաժողովին:

Ճոնզ  յայտնեց, որ ապահովական կացութեան գծով առկայ իրենց մտահոգութիւնները ամբողջ աշխարհին կը վերաբերին` շեշտելով, որ իրենք գրեթէ վստահ են, թէ Լիբանանի հետ աշխուժ գործակցութիւնը ի նպաստ լիբանանցիներուն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ապրող ամերիկացիներուն:

ՏԱՀԵՇ-ի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ճոնզ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ հսկայ մը չէ եւ չի կրնար անտեսել միջազգային օրէնքն ու ազգային կանոնները եւ առանց պատիժի ենթարկուելու շարունակել իր ընթացքը:

Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին, որ յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հարցեր` ընդգծելով, որ Մոսկուա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Վիեննայի ժողովէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը գործադրելու համար:

Միւս կողմէ, Զասիփքին դիտել տուաւ, որ Պասիլի հետ ընդգծած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով լիբանանեան-ռուսական համաձայնութեան շրջագիծին մէջ գործակցութեան կարեւորութիւնն ու ամրապնդումը:

 

Նախորդը

Բանակը Բուռն Կերպով Կը Ռմբակոծէ Արսալի Եւ Ռաս Պաալպէքի Բարձունքները

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Կոչ Ուղղեց` Արագացնելու Սմահայի Դատավարութիւնը Վերջնական Վճիռը Արձակելու Նպատակով

RelatedPosts

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը  Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»
Լիբանանեան

Շէյխ Քասեմ. «Դիմադրութիւնը Հողը Ազատագրելու Միակ Ուղին Է»

September 21, 2026
Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը  Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարք. «Հարաւային Լիբանանը Բանակցութեան Խաղաքարտ Չէ, Այլ Լիբանանեան Հող»

September 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.