Նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպի հարազատները երէկ շարունակեցին բողոքի իրենց ցոյցերը` փակելով Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան:
Այդ քայլին պատճառով, Քոքոտիի մէջ անոնք բախումներ ունեցան բանակի զինուորներուն հետ, որոնք կը փորձէին ցրուել զիրենք` վերաբանալու համար օդակայանի ճամբան:
Եաագուպի ընտանիքը ապօրինի նկատեց իր զաւկին արգելափակումը` շեշտելով, որ ան քաղաքական պատճառներով բանտարկուած է եւ պահանջելով անոր ազատ արձակումը: Եաագուպի եղբայրը` Ալի Եաագուպ Ամալ շարժումը ամբաստանեց իր համակիրներուն կողմէ Եաագուպի ընտանիքին նկատմամբ զօրակցութիւնը արգիլելու յանցանքով:
Երէկ երեկոյեան Եաագուպի հարազատներն ու համակիրները ուղղուեցան «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց` զօրակցութիւն յայտնելու համար Հասան Եաագուպի մօր, որ հացադուլի դիմելուն իբրեւ հետեւանք փոխադրուած էր հիւանդանոց: