
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Նահատակները մեծարելու փաղանգին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սամի Ապտել Պաքիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան 6 մայիսի նահատակներուն 100-ամեակը Նահատակաց հրապարակին վրայ նշելու նախապատրաստութիւնները:
Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ դատաւոր Ժան Ֆահտ եւ Ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ: