Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն երիտասարդական թեւը, որուն միացաւ նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Թրիփոլիի Սալամ մզկիթին դիմաց նստացոյց մը կատարեց` բողոքելով նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումին դէմ:
Ցուցարարները խստիւ դատապարտեցին Զինուորական ատեանին կողմէ տրուած` Սմահան ազատ արձակելու որոշումը: