Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ Զինուորական ատեանի դատախազ Թոնի Լաթթուֆը փոխանցեց Դատական իշխանութեան քննիչներու ատեանին` նախկին նախարար Միշել Սմահայի ազատ արձակումի որոշումին հարցով:
Միւս կողմէ, Ռիֆի Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ կառավարութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Թիքա» համադրումի եւ բարգաւաճման թրքական գործակալութեան պատուիրակութիւն մը: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մոհամետ Խէյր:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւսիսային Լիբանանի, յատկապէս Թրիփոլիի եւ Աքքարի կարիքները:
Ռիֆի դրուատեց Թրիփոլիի տարբեր շրջաններուն մէջ «Թիքա»-ի իրագործած բարգաւաճման ծրագիրները: