Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Վատիկանի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Մեհրապի հանդիպումը փակած է քրիստոնեաներուն պատմութեան մէջ արձանագրուած սեւ էջ մը: «ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ամերիկացի պատասխանատուներ շեշտած են, թէ հանրապետութեան նախագահին չգոյութիւնը Լիբանանի շահերուն չի ծառայեր: Ըստ նոյն օրաթերթին, Ռիատ վեթոյի չէ ենթարկած Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը, սակայն Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի...


















