Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սայֆիի Մէջ. «Նախագահական Ընտրութեան Առումով Զարգացումները Քննարկելու Հանգրուանին Մէջ Կը Գտնուինք» Շեշտեց Ալի Հասան Խալիլ

January 20, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Խալիլ եւ Ժեմայէլ
Խալիլ եւ Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութիւններուն իմաստով արձանագրուած զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ յայտնեց, որ լիբանանցիները կարիքը ունին իրենց սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը տեսնելու, ինչպէս նաեւ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու:

Անդրադառնալով նախանցեալ օր Մեհրապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն` Խալիլ շեշտեց. «Նախագահական ընտրութեան առումով զարգացումները քննարկելու հանգրուանին մէջ կը գտնուինք: Կարեւորը այն է, որ ազգային համախոհութիւն գոյանայ` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առումով»:

Կառավարութեան աշխատանքին ակնարկելով` Հասան Խալիլ ընդգծեց նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստը լրիւ կազմով գումարելու եւ խոչընդոտները վերացնելու կարեւորութիւնը:

Փաղանգաւոր Կուսակցութեան
Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Շէյխ Քասեմի 

Հըզպալլա - Փաղանգաւոր հանդիպումէն պահ մը
Հըզպալլա – Փաղանգաւոր հանդիպումէն պահ մը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռաֆիք Ղանեմի, երէկ այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Ալի Ֆայեատ եւ իրաւաբան Նազիհ Մանսուր:

Հըզպալլայի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը եղած է մտերմիկ եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը փափաք յայտնած է երկկողմանի գործակցութիւնը աշխուժացնելու:

Հանդիպումը եղած է նաեւ առիթ մը, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ներում հայցէ Հըզպալլայի դէմ հրատարակած իր յօդուածին համար:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Քասեմ հաստատած է, որ Լիբանան բոլորին կը պատկանի եւ բոլորին պատասխանատուութիւնն է, իսկ քաղաքական տարբերութիւնները պէտք չէ մտերմութեան պատճառ դառնան:

Նախորդը

Նազարեան Ժեռարի Հետ Քննարկեց Գաղթականներուն Օժանդակութիւններ Ապահովելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Զաայթեր. «Նահր Քալպ – Տըպպայէ Ծովեզերեայ Ճամբան Քանդումի Վտանգին Ենթակայ Է»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.