
Մեհրապի մէջ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումը լիբանանեան առումով տակաւին ինքզինք կը պարտադրէ եւ կը նախատեսուի, որ յաջորդող օրերուն այս մասին երեսփոխանական պլոքները իրենց վերջնական կարծիքները յայտնեն, ինչպէս որ Մուսթաքպալ պլոքը կատարեց երէկ, երբ հաստատեց, որ ինք անշեղ պիտի մնայ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի որդեգրած նախագահական ցուցմունքներէն:
Այս զարգացումներուն լոյսին տակ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ զօր. Աունի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Ժահժահի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան առաջադրումը յուսադրիչ նախաձեռնութիւն մըն է` միասնականացնելու քրիստոնեաներն ու բոլոր լիբանանցիները, ապահովելով ազգային իսկական գործակցութիւն եւ հաւաքական կամք` յանգելու ազգային լուծումի մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ փրկել հանրապետութիւնը:
Քանաան յայտնեց, որ այս լուծումը շատ աւելի կարեւոր է, քան հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը, որովհետեւ անոր շնորհիւ նախագահական թափուր աթոռին վերջ մը կը դրուի ազգային կամքով:
«Մենք մեր համաձայնութիւններով եւ քաղաքական գործունէութեամբ փաստեցինք բոլորին, որ կարելի է գժտութիւնները շրջանցել եւ համաձայնութիւնները ծառայեցնել Լիբանանի գերագոյն շահերուն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կրնայ փրկել Լիբանանը:
Քանաան յայտնեց նաեւ, որ համախմբումը իր դաշնակիցները տեղեակ պահած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իր գոյացուցած համաձայնութեան առումով` նշելով, որ համախմբումը նախանձախնդիր է նաեւ շրջանային բոլոր երկիրներուն հետ յարաբերութիւններ հաստատելու:
Համախմբումը գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ բոլորին` յանգելու համար ազգային լուծման եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կոչուած են գործակցելու` փրկելու համար հանրապետութիւնը: