Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան վտանգը կը սպառնայ բոլոր ժողովուրդներուն, եւ այդ իրականութիւնը կ՛ենթադրէ արաբական-իսլամական ուխտ մը հիմնել` այդ ահաբեկչութեան դիմադրութեան համար:

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Զինուորական խորհուրդին համար քաղաքական նշանակում կատարել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ֆրանսա նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին յայտնած է, թէ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պիտի չմիջամտէ նախագահական թեկնածու ճշդելու իմաստով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերստին վարչապետ նշանակումը նախագահական ընտրութեան առումով ի գործ դրած իր ջանքերուն նպատակը չի նկատուիր:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են կին մը` Թերեզ Օ., որ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի խորհրդական:

ԿԸ նախատեսուի, որ տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմի որոշումով մէկ կապ արաբական հացին կշիռքը աւելնայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ զինուորական նշանակումներու թղթածրարին վաւերացումը անկարելի է` Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի պարտադրած պայմաններով:

ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին զինուորական նշանակումներուն թղթածրարը վաւերացնելու հաւանականութիւնը մեծ է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, անցեալ շաբթուան ընթացքին Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւնը սկսած է երեսփոխաններ Էլի Մարոնիի եւ Ալի Ֆայեատի միջեւ կատարուած հանդիպումով: Կը նախատեսուի, որ այդ երկխօսութիւնը շարունակուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոնը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ Դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ խաղաղութեան թէ պատերազմի պարագային իրենք կառչած կը մնան Դիմադրութեան:

 

 

Նախորդը

Թրքական Բանակը Հակադարձեց Քիլիսի Դէմ Արձակուած Հրթիռներուն

Յաջորդը

Ուահապ Զօր. Քահուաժիի Եւ Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?