Հըզպալլա երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց այս դարու ահաբեկիչներուն` ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն գործած սպանդը, որուն զոհ գացին աւելի քան երեք հարիւր քաղաքացիներ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նոյնքան եւ աւելի դատապարտելի է այդ սպանդին նկատմամբ արաբական եւ միջազգային լռութիւնը:
«Մարդկային իրաւունքները պաշտպանողներուն լռութիւնը ՏԱՀԵՇ-ի համար լաւագոյն հովանաւորութիւնն է` շարունակելու համար քաղաքացիներուն դէմ իր գործած նախճիրները», ընդգծուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: