
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյեան կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանքի ներքին կուսակցական ընտրութիւնները ապացուցեցին, որ երեսփոխանական ընտրութիւններ կարելի է կատարել համամասնական դրութեան հիման վրայ:
«Ազգային ազատ հոսանքը փաստեց իր յանձնառութիւնը, ժողովրդավարութիւնը եւ աշխուժութիւնը», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ ընտրութիւնները կատարուեցան կատարեալ արհեստավարժութեամբ, թափանցիկութեամբ, պարկեշտութեամբ եւ առարկայականութեամբ:
«Այս փորձառութենէն ետք մենք կրնանք ընդգծել, որ կը մերժենք Լիբանանի մէջ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքէն բացի այլ օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել», ըսաւ ան:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին յայտարարուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կիրակի օրուան ընտրութիւններուն արդիւնքները:
Ֆայսալ Քարամէի Մօտ

Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարարը երէկ այցելեց նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ կոչ ուղղեց յառաջացնելու ազգային համաձայնութիւններ, որոնք քաղաքական բոլոր կողմերը կը ներառեն:
Ան նշեց, որ այս հանգրուանը իմաստուն կեցուածք կ՛ենթադրէ` նկատի ունենալով ահաբեկչութեան վտանգը:
Իր կարգին, Քարամէ յոյս յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի:
Քարամէ շեշտեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ դատական հարց ունին, սակայն անիկա ոչ մէկ կապ ունի զօր. Աունի թեկնածութեան առաջադրումին հետ, որ ողջունելի է:
Նշենք, որ Պասիլ այսօր պիտի այցելէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի: