Լիբանանեան

Արսալի Եւ Քալամունի Բարձունքներուն Վրայ  ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ  Զինեալ Բախումներ Արձանագրուեցան

Արսալի Եւ Քալամունի Բարձունքներուն Վրայ ՏԱՀԵՇ-ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Միջեւ Զինեալ Բախումներ Արձանագրուեցան

Արսալի եւ Քալամունի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի միջեւ երէկ երեկոյեան դարձեալ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան: Ըստ տեղեկութիւններուն, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի անդամներէն ինը զինեալներ սպաննուած են բախումներուն ընթացքին, ապա երկու խմբաւորումներուն միջեւ գոյացած է համաձայնութիւն մը, ըստ որուն, Ժապհաթ Նուսրա ազատ պիտի արձակէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներէն ոմանք: Համաձայնութիւն գոյացաւ նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի հակակշիռին տակ գտնուող երեք անցքերէն մէկը զիջելու ՏԱՀԵՇ-ի:

Երեսփոխան Միշել Մըր Ստացաւ Երկխօսութեան Նիստի Հրաւէրը

Միշել Մըր Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու

Միշել Մըր Երեսփոխան Միշել Մըր երէկ հիմնարկէքը կատարեց Պէյրութի Աւետարանական դպրոցին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Մըր յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը ճիգ չխնայեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու առումով: Ան հաստատեց, որ նախագահական աթոռին առումով արձանագրուած շուրջ երկու տարուան թափուր վիճակին պատճառով երկրին սահմանադրական հաստատութիւնները տուժած են: «Կրթական այս հաստատութիւնը հիմնելու առիթով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն իմ միակ խորհուրդս...

Մաշնուք Լազարինիի Հետ Քննարկեց  Լիբանան Հասած Սուրիացի  Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Մաշնուք Լազարինիի Հետ Քննարկեց Լիբանան Հասած Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Մաշնուք եւ Լազարինի Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն եւ ՄԱԿ-ի կողմէ անոնց ներկայացուած օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Լազարինի հաստատեց, որ Լիբանան շատ առատաձեռն գտնուած է սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով եւ 2011-էն ի վեր անոր տնտեսութիւնն ու ապահովութիւնը...

«Կը Նախատեսուի, Որ Լիբանանեան Քաղաքական  Երկու Մեծ Ուժեր Համաձայնութիւն Գոյացնեն`  Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Նպատակով»  Ըսաւ Ժահժահ

«Կը Նախատեսուի, Որ Լիբանանեան Քաղաքական Երկու Մեծ Ուժեր Համաձայնութիւն Գոյացնեն` Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Նպատակով» Ըսաւ Ժահժահ

Սամիր Ժահժահ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած նախատեսութիւններ, որոնց հիմամբ լիբանանեան քաղաքական երկու մեծ ուժեր կը միտին համաձայնութիւն մը գոյացնել` քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելու նպատակով: Ժահժահ յայտնեց, որ ասիկա վտանգաւոր երեւոյթ մըն է` աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութիւնը բաղկացնող բոլոր ուժերը պատասխանատու են համախոհութեամբ գործելու եւ պէտք եղած որոշումները տալու:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժերը յայտնեցին, որ եթէ կառավարութիւնը երեքշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին զիրենք մնայուն պաշտօնեաներու չվերածէ, ապա անոնք պիտի մերժեն իրենց առաքելութիւնը շարունակել: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կը գործեն` աշխուժացնելու համար Թաէֆի համաձայնագիրը, աւելցնելով, որ իրենք միասնաբար կը ներկայացնեն քրիստոնեայ մեծամասնութիւնը: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդը, երէկ գումարած իր նիստի ընթացքին, ընդառաջելով Հայկական երեսփոխանական պլոքի դիմումին, միաձայնութեամբ որոշեց Քորնիշ Փիեր Ժեմայէլի (Քորնիշ Նահր) վրայ գտնուող շուրջ 750 քառ. մեթր տարածութեամբ թիւ 3940 հողաշերտը 99 տարուան համար եւ տարեկան հազար լիբանանեան ոսկի վարձակալութեամբ տրամադրել Ազգային առաջնորդարանին` համայնքային գործածութեան համար: Այս առիթով պլոքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքապետական խորհուրդի նախագահին, անդամներուն եւ քաղաքական առնչակից կողմերուն: Այս...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական  Խորհուրդի Նշանակումները, Իսկ Նասրալլա  Այսօր Կ՛Անդրադառնայ Նախագահական  Ընտրութեան Հըզպալլայի Կեցուածքին

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները, Իսկ Նասրալլա Այսօր Կ՛Անդրադառնայ Նախագահական Ընտրութեան Հըզպալլայի Կեցուածքին

Այն Թինէի մէջ նախանցեալ օր գումարուած Ազգային երկխօսութեան նիստը ապահովեց Զինուորական խորհուրդի նշանակումները կատարելու բանալին, որուն շրջագիծին մէջ երէկ կառավարութիւնը համախոհութեամբ կրցաւ վաւերացնել փշոտ նկատուող այդ թղթածրարը: Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, որոնք բաւական մտահոգիչ էին, մղեցին, որ բանակը շարունակէ բուռն կերպով ռմբակոծել զինեալներուն դիրքերը: Այս առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընկերային ցանցի...

Վարչապետարանին Մէջ .  Առողջապահական Նախնական   Հոգատարութեան Ծրագիրի Մեկնարկ

Վարչապետարանին Մէջ . Առողջապահական Նախնական Հոգատարութեան Ծրագիրի Մեկնարկ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպած «Առողջապահական նախնական հոգատարութեան ծրագիր»-ի մեկնարկը: Այս առիթով վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը աշխուժացնեն կառավարութեան գործունէութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն շրջանցելու գերզգայնութիւններն ու գերիվեր դասեն երկրին շահերը` պաշտպանելու համար Լիբանանը: Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնք կարիքը ունին գիտակցութեան, հոգատարութեան...

«Կ՛աշխատինք Պահպանել Լիբանանի Դիւրաբեկ Ապահովութիւնը» Շեշտեց Հոլլանտ

    Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կ՛աշխատին պահպանել Լիբանանի դիւրաբեկ ապահովութիւնը: Հոլլանտ ընդգծեց, որ Փարիզ իր դերակատարութիւնը ունի կատարելիք այս երկրին մէջ` աւելցնելով, որ պէտք է պայքարիլ ի խնդիր անոր անվտանգութեան` վերջ տալով հանրապետութեան նախագահի չգոյութեան երեւոյթին: Իր կարգին, Ռուհանի շեշտեց, որ Լիբանան...

Պասիլ. «Նախագահական Ընտրութեան  Պիտի Չմասնակցինք, Մինչեւ Հզօր Նախագահի Մը  Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը»

Պասիլ. «Նախագահական Ընտրութեան Պիտի Չմասնակցինք, Մինչեւ Հզօր Նախագահի Մը Շուրջ Համաձայնութեան Գոյացումը»

Ժըպրան Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ երէկ յայտնեց, որ իրենք տակաւին չեն հասած այն հանգրուանին, որ իրենց եւ Մարատա հոսանքին միջեւ քուէները հաշուելու սկսին` աւելցնելով, որ նախորդ հանգրուանին Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ մնայուն կերպով կը կրկնէր, թէ ինք կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան: Պասիլ նշեց, որ իրենք եւ...

«Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբը  Իր Վերջնական Տեղեկագիրը Պիտի Պատրաստէ»   Ըսաւ Ժորժ Ատուան

«Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբը Իր Վերջնական Տեղեկագիրը Պիտի Պատրաստէ» Ըսաւ Ժորժ Ատուան

Ժորժ Ատուան Ընտրական օրէնքի մշակման ենթայանձնախումբի աշխատանքները համադրող երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ յանձնախումբը պիտի ուղղուի մշակելու իր վերջնական տեղեկագիրը` զայն ներկայացնելու համար խորհրդարանի դիւանին: Ատուան նշեց, որ երէկուան ժողովին ընթացքին յանձնախումբը չէ կրցած վաւերացնել վերջնական տեղեկագիրը` նկատի ունենալով, որ յանձնախումբին անդամներէն բացակայողներ կան: Ատուան յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանի դիւանը ամէնէն արագ միջոցին վաւերացնէ ընտրական նոր օրէնքը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կը փափաքի, որ քրիստոնեաները համաձայնին: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Մեհրապի հանդիպումը իրենք կը մեկնաբանեն իբրեւ ազգային հաշտութեան հանդիպում: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց, իսկ Նապաթիէի եւ Սուրի վերեւ կեղծ յարձակումներ կատարեց:...

Երկխօսութեան Մասնակիցները Շեշտեցին  Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու  Կարեւորութիւնը, Իսկ Նախարարաց Խորհուրդը  Այսօր Լրիւ Կազմով Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Երկխօսութեան Մասնակիցները Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը, Իսկ Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Լրիւ Կազմով Պիտի Գումարէ Իր Նիստը

Այն Թինէ երէկ հիւրընկալեց Ազգային երկխօսութեան 14-րդ նիստը` նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, մասնակցութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու շարք մը ներկայացուցիչներու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Երէկուան նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ վերջին նիստերէն բացակայած էր: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Ազգային...

Վերջին Ժամ.  ՏԱՀԵՇ-ը` Արսալի Մէջ

Վերջին Ժամ. ՏԱՀԵՇ-ը` Արսալի Մէջ

Երէկ գիշեր Պեքաայի մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը հաղորդեց, որ Արսալի մէջ տիրական երեւոյթ դարձած է զինեալ ներկայութիւնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին, որ գիւղաքաղաքին մէջ ժողովներ կը գումարէ Քալամունի Ժապհաթ Նուսրայի հետ ունեցած իր բախումներուն լոյսին տակ: Բնակիչները չեն շրջիր գիւղաքաղաքին մէջ` տիրող կացութեան պատճառով: Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ իր վերահսկողութիւնը հաստատած է Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Խէյլ Հովիտի Ժապհաթ Նուսրայի դիրքին...

Պասիլ Եւ Մաշնուք Եւրոպական Միութեան  Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկեցին  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով  Համագործակցութեան Հեռանկարները

Պասիլ Եւ Մաշնուք Եւրոպական Միութեան Պատասխանատուներուն Հետ Քննարկեցին Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարելու Իմաստով Համագործակցութեան Հեռանկարները

Պասիլ, Սերանօ եւ Լասըն Եւրոպական Միութեան արտաքին գործունէութեան յանձնախումբի փոխ ընդհանուր քարտուղար Փետրօ Սերանօ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընի, այցելեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ քննարկեցին երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Սերանօ շեշտեց, որ հանդիպումը եղած է շինիչ եւ օգտակար, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերող քննարկումներուն առնչութեամբ: Սերանօ...

Աղբերը Երկրէն Հեռացնելու Իմաստով  Այլ Ընկերութիւն Մը 123 Տոլարի Փոխարէն  85 Տոլար Կ՛առաջարկէ` Իւրաքանչիւր Թոնի Համար

Աղբերը Երկրէն Հեռացնելու Իմաստով Այլ Ընկերութիւն Մը 123 Տոլարի Փոխարէն 85 Տոլար Կ՛առաջարկէ` Իւրաքանչիւր Թոնի Համար

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանէն աղբերը հեռացնելու առաջարկով «Նիւ Պոքսըր» ընկերութիւնը ներկայացած է լիբանանեան պետութեան եւ առաջարկած, որ աղբի իւրաքանչիւր թոնի փոխադրութիւնը կատարէ 85 տոլարով, փոխան` 123 տոլարի, որ ճշդուած էր «Շինոք» ընկերութեան կողմէ: «Նիւ Պոքսըր» ընկերութիւնը այս առումով նամակներ յղած էր վարչապետին եւ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի,...

1 փետրուարէն սկսեալ` մէկ կապ  արաբական հացը 50 կրամ աւելի պիտի կշռէ

1 փետրուարէն սկսեալ` մէկ կապ արաբական հացը 50 կրամ աւելի պիտի կշռէ

Տնտեսութեան նախարար Ալեն Հաքիմ երէկ յայտնեց, որ տարբեր մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ կատարած մնայուն խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ որոշուած է մէկ կապ արաբական հացին սակը նուազեցնել` անոր կշիռքը 50 կրամով բարձրացնելով: Այս որոշումը պիտի սկսի գործադրուիլ երկուշաբթի, 1 փետրուար 2016-էն սկսեալ:  

Մուքպել Զօր. Փորթոլանոյի Հետ Քննարկեց  Հարաւային Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւնը  Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

Մուքպել Զօր. Փորթոլանոյի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւնը Պահպանելու Անհրաժեշտութիւնը

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւի խաղաղութիւնը պահպանելու առումով: Հանդիպումէն ետք զօր. Փորթոլանօ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան շնորհիւ իրենք պիտի շարունակեն հարաւի խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը պահպանել: Զօր. Փորթոլանօ ընդգծեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններու խաղաղութեան պահպանումը կարելի...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Յանցագործներուն Հետապնդումն Ու Ձերբակալումը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ բանակը Աքքարի մէջ ձերբակալած է 59 սուրիացիներ, որոնք առանց պետական փաստաթուղթերու մուտք գործած էին Լիբանան: Բանակը գրաւած է նաեւ անոնց պատկանող երկու ինքնաշարժներ եւ 7 մոթորսիքլեթներ, որոնք դարձեալ փաստաթուղթեր չունէին: Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը իր կարգին Արսալի մէջ ձերբակալած է Ապտել Քերիմ Հուժէյրին, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն զէնք...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ եւ Իրանի նախագահներ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Հասան Ռուհանի այսօրուան իրենց հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկեն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը: ԸՆՏՐԱԿԱՆ օրէնքի մշակման յատուկ ենթայանձնախումբին աշխատանքը մէկ ամիսով երկարաձգուեցաւ: Այս հանգրուանին յանձնախումբը կը սերտէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներկայացուած ընտրական խառն օրէնքները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց,...

Page 862 of 986 1 … 861 862 863 … 986

Արխիւներ