Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 30, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժերը յայտնեցին, որ եթէ կառավարութիւնը երեքշաբթի օրուան իր նիստին ընթացքին զիրենք մնայուն պաշտօնեաներու չվերածէ, ապա անոնք պիտի մերժեն իրենց առաքելութիւնը շարունակել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ իրենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ կը գործեն` աշխուժացնելու համար Թաէֆի համաձայնագիրը, աւելցնելով, որ իրենք միասնաբար կը ներկայացնեն քրիստոնեայ մեծամասնութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ սուրիական եւ իրանեան քաղաքական ուժերը պիտի չընդունին լիբանանեան խորհրդարանին մեծամասնութիւնը զիջիլ:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիացի գաղթականներուն բնակեցումը անկարելի է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառը ոչինչ պիտի փոխէ երկրին ներկայ իրավիճակէն, իսկ նախագահական ընտրութիւն կատարելու համար տակաւին բաւական կանուխ է:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի շեշտեց կառավարութեան նիստերը ընթացիկ կերպով գումարելու եւ խոչընդոտները շրջանցելու անհրաժեշտութիւնը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին ընթացքին պիտի արծարծէ ապահովութեան ուժերուն նշանակումները:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստը հեզասահ ընթանայ` հեռու խոչընդոտներէ:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ հաստատեց, որ կառավարութեան գործունէութեան կարգաւորումը պիտի նպաստէ խորհրդարանի աշխատանքներուն աշխուժացման:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն մասին գոյացած համաձայնութիւնը կառավարութեան նոր ծնունդին համազօր էր:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն շուրջ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին որոշուածը գործադրուած է կառավարութեան նիստին ընթացքին:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի շեշտեց, որ ինք նախընտրած է ընդունիլ Զինուորական խորհուրդի նշանակումները` կառավարութեան աշխատանքը խոչընդոտելու փոխարէն` նկատի ունենալով լիբանանցիներուն շահերը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի մասնակցին կառավարութեան նիստերուն` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը որոշեց իր աշխատանքը նոյն գործելաոճով շարունակել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ բանակին վերաբերող որոշումներուն առումով, ինք կը մերժէ քաղաքական որեւէ միջամտութիւն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէէն կը սպասուի աւելի ճկուն ըլլալ` նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան առումով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Իրան Պէյրութի մէջ հաստատած է տեղեկատուական ընդարձակ գրասենեակ մը, ուր կը ճշդուի իրանեան տեղեկատուական մարզին որդեգրելիք ուղեգիծը, եւ կը կազմակերպուին անոր աշխատանքները:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Իրան Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը «պատանդ»-ի իր վիճակին մէջ պիտի պահէ, եթէ Սուրիոյ տագնապին ընթացքին մասին նորութիւններ չիմանայ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը ՏԱՀԵՇ-ին եւ Ժապհաթ Նուսրային դիմադրելու ուժն ու կարողութիւնը ունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ նախատեսեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Հըզպալլայի կեցուածքը մնայ անփոփոխ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ կուսակցութիւնը համաձայն պիտի գտնուի ընտրական որեւէ օրէնքի, որուն շուրջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ երկխօսութիւնը պարտադիր անցք մըն է` երկրին մէջ տիրող տարակարծութիւնները լուծելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա նախագահական ընտրութեան թղթածրարը սառեցուցած է եւ զայն մատնած տեղքայլի:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերու յատուկ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին յայտնած են, թէ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը ուղղակիօրէն կապուած է Լիբանանի Ազգային ուխտին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն հետ վարուած է զինուորական մօտեցումով` հեռու քաղաքականութենէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայէղ «Ախպար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ իրենք Հըզպալլայի հետ յարաբերութիւնները պիտի աշխուժացնեն` յոյս յայտնելով, որ այդ համաձայնութիւնը  Լիբանանի շահերուն ծառայէ:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու շարժումի հրամանատարութեան խորհուրդի փոխքարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան առաջադրումը սխալ էր:

 

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Արեւելքը Մզկիթի Մը Դէմ Յարձակում

Յաջորդը

«Կը Նախատեսուի, Որ Լիբանանեան Քաղաքական Երկու Մեծ Ուժեր Համաձայնութիւն Գոյացնեն` Քաղաքապետական Ընտրութիւնները Յետաձգելու Նպատակով» Ըսաւ Ժահժահ

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Իրանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումը Դատապարտող Լիբանանեան Կեցուածքներ

Յունիս 14, 2025
Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը
Լիբանանեան

Լեւոն ԺԴ. Պապը Ընդունեց Նախագահ Աունը

Յունիս 14, 2025
Քասեմ. «Կը Զօրակցինք Թեհրանին`  Անոր Իրաւունքներուն, Կեցուածքներուն,  Որդեգրած Քայլերուն, Ինքնապաշտպանութեան  Քայլերուն Եւ Ընտրանքներուն Մէջ»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Կը Զօրակցինք Թեհրանին` Անոր Իրաւունքներուն, Կեցուածքներուն, Որդեգրած Քայլերուն, Ինքնապաշտպանութեան Քայլերուն Եւ Ընտրանքներուն Մէջ»

Յունիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?