Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները, Իսկ Նասրալլա Այսօր Կ՛Անդրադառնայ Նախագահական Ընտրութեան Հըզպալլայի Կեցուածքին

January 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ministerial-Council-1_012816

Այն Թինէի մէջ նախանցեալ օր գումարուած Ազգային երկխօսութեան նիստը ապահովեց Զինուորական խորհուրդի նշանակումները կատարելու բանալին, որուն շրջագիծին մէջ երէկ կառավարութիւնը համախոհութեամբ կրցաւ վաւերացնել փշոտ նկատուող այդ թղթածրարը:

Միւս կողմէ, նախանցեալ գիշեր Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումները, որոնք բաւական մտահոգիչ էին, մղեցին, որ բանակը շարունակէ բուռն կերպով ռմբակոծել զինեալներուն դիրքերը:

Այս առիթով Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընկերային ցանցի իր էջին վրայ կատարած գրառումին մէջ անդրադարձաւ Արսալի մէջ արձանագրուած գիշերային բախումներուն` կատարեալ զօրակցութիւն յայտնելով սահմանը պահող եւ պաշտպանող լիբանանեան բանակին ու Դիմադրութեան:

Իսկ նախագահական ընտրութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած լռութիւնը այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի խզուի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք պատկերասփռուելիք ճառով:

Նշենք, որ նախարարաց խորհուրդը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Նեպիլ տը Ֆրէյժ, Ռամզի Ժրէյժ եւ Ալիս Շապթինի:

Կառավարութիւնը վաւերացուց Զինուորական խորհուրդի նշանակումները, որոնց լոյսին տակ խորհուրդին այժմ մաս կը կազմեն Մուհսեն Ֆնէյշ (շիի), Ժորժ Շրայմ (յոյն կաթողիկէ) եւ Սամիր Հաժ (յոյն ուղղափառ):

Կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ երեքշաբթի, 2 փետրուար 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի գործակատար նախարար Սըժաան Քազզի նշեց, որ կառավարութիւնը քննարկած է նաեւ արտաքին քաղաքականութեան պարագային ինքզինք չէզոք պահելու Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը` աւելցնելով, որ այս հարցին հետեւելու եւ համապատասխան հաղորդակցութիւնները կատարելու պարտականութիւնը  վստահուեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Քազզի նշեց, որ կառավարութիւնը իր երեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին պիտի քննարկէ նախկին նախարար Միշել Սմահայի դատական հարցը Արդարութեան խորհուրդին փոխանցելու կարելիութիւնը:

Կառավարութեան նիստին զուգահեռ, «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի անդամներ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք օդին մէջ ձգեցին փուչիկներ, որոնց կապուած էին խաւաքարտէ նաւեր` հեգնելով այն նաւերը, որոնք Լիբանանի աղբերը պիտի հեռացնէին երկրէն:

«Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւի պատասխանատուներէն Նեհմաթ Պատրէտտին շեշտեց, որ իրենց կատարած բողոքի ցոյցը խորհրդանշական է` աւելցնելով, որ իրենք այս ցոյցին ընդմէջէն կը մերժեն Լիբանանի աղբը երկրէն հեռացնելու համաձայնագիրը, որուն մանրամասնութիւնները ոչ ոքի ծանօթ են:

Պատրէտտին յոյս յայտնեց նաեւ, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն տրուած խոստումները կատարուին` կառավարութեան որոշումներուն շրջագիծին մէջ:

Նշենք, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն անդամները մնայուն պաշտօնեաներու վերածելու որոշումը չվաւերացնելու իբրեւ հետեւանք անոնք առաջին անգամ ըլլալով քանի մը ժամուան համար փակեցին Պէյրութի փողոցները` կառավարութեան դէմ բարձրացնելով իրենց բողոքի ձայնը:

Նախորդը

Վարչապետարանին Մէջ . Առողջապահական Նախնական Հոգատարութեան Ծրագիրի Մեկնարկ

Յաջորդը

Ըստ «Ռեսփուպլիքա»-ի. Պապը Թուրքիոյ Հակազդեցութենէն Խուսափելու Համար Հայաստան Պիտի Այցելէ Մայիսին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.