Երէկ գիշեր Պեքաայի մէջ «Նաշրա» կայքի թղթակիցը հաղորդեց, որ Արսալի մէջ տիրական երեւոյթ դարձած է զինեալ ներկայութիւնը ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին, որ գիւղաքաղաքին մէջ ժողովներ կը գումարէ Քալամունի Ժապհաթ Նուսրայի հետ ունեցած իր բախումներուն լոյսին տակ: Բնակիչները չեն շրջիր գիւղաքաղաքին մէջ` տիրող կացութեան պատճառով:
Նաեւ հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ իր վերահսկողութիւնը հաստատած է Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Խէյլ Հովիտի Ժապհաթ Նուսրայի դիրքին վրայ: Ասիկա պատճառ դարձած է, որ ՏԱՀԵՇ ուղղակի առճակատումի մէջ գտնուի լիբանանեան բանակին հետ, որ յաւելեալ զօրամասեր ուղարկած է շրջան: