Լիբանանեան

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն`  Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու,  Իսկ Իսրայէլ Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ  Նոր Պատերազմ Մը Սկսելու Միտումով

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն` Նախագահական Ընտրութիւն Կատարելու, Իսկ Իսրայէլ Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ Նոր Պատերազմ Մը Սկսելու Միտումով

Ֆրանչիսկոս պապը Նախագահական ընտրութիւն կատարելու հրամայականը հետզհետէ ինքզինք կը պարտադրէ լիբանանցիներուն, քաղաքական ուժերուն եւ երեսփոխանական պլոքներուն վրայ: Տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով հնչած կոչերուն երէկ միացաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս պապը, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը նկատեց Լիբանանի համար անհրաժեշտութիւն մը: Յստակ է, որ այդ ընտրութեան կարեւորութեան մասին բոլորը կը գիտակցին, սակայն երկրին մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու նշոյլն անգամ գոյութիւն չունի: Կառավարութեան նիստերուն...

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Պէյրութի  Միջազգային Օդակայանին Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Վերաբերող Նիստի Մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական յատուկ նիստի մը, որ յատկացուած էր Պէյրութի միջազգային օդակայանին: Նիստին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ բարգաւաճման ու վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ, Նեպիլ Ժսըր: Վարչապետ Սալամ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Մուքպելի հետ: Քննարկուեցան...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Նիստ .  «Որոշեցինք Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Հետ  Կապի Մէջ Ըլլալ` Զօրակցելու Համար  Միջմարոնիական Համախոհութեան»  Շեշտեց Քանաան

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ . «Որոշեցինք Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Հետ Կապի Մէջ Ըլլալ` Զօրակցելու Համար Միջմարոնիական Համախոհութեան» Շեշտեց Քանաան

Իպրահիմ Քանաան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը որոշած է լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ կապի մէջ ըլլալ` զօրակցելու համար միջմարոնիական համախոհութեան, որ հիմնականին մէջ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ հանդիպումի կարելիութիւն մը կը...

«Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ  Լիբանանցիներուն Ընտրելու  Հանրապետութեան Նախագահը»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

«Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանցիներուն Ընտրելու Հանրապետութեան Նախագահը» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը

Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ ետք վերադարձաւ Լիբանան: Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս պապին հետ հանդիպում մը ունեցած Ռայի պատրիարքը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ըսաւ. «Ֆրանչիսկոս պապը կոչ կ՛ուղղէ լիբանանցիներուն ընտրելու հանրապետութեան նախագահը»: Ռայի պատրիարքը յայտնեց նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս պապին եւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Փիեթրօ Փարոլայնի հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի զարգացումները եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները:  

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ  Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Պըրրի Այսօր Պիտի Նախագահէ Ազգային Երկխօսութեան Նիստին

Ապու Ֆաուր, Թայմուր Ժոմպլաթ եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր պիտի նախագահէ Ազգային երկխօսութեան նիստին: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Թայմուր Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանօ` ներկայութեամբ Պըրրիի...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Բոլորը Պատասխանատու Են 8 Փետրուարի Նիստին Ներկայ Գտնուելու»

Պլոքի նիստէն պահ մը Նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Մուսթաքպալ պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մը մէջ ընդգծուեցաւ, որ բոլորին պատասխանատուութիւնն է ներկայ գտնուիլ 8 փետրուարի նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին: Մուսթաքպալ պլոքը ողջունեց նախագահական ընտրութեան մէկէ աւելի թեկնածուի գոյութիւնը` շեշտելով, որ այդ մէկը կ՛ամրապնդէ երկրին ժողովրդավարութիւնը, որ պէտք է գործէ սահմանադրութեան...

Մեհրապի Մէջ .  «Ժահժահը Եւ Հարիրին Միացնող Ազդակները  Շատ Աւելի Են, Քան Զանոնք Իրարմէ Բաժնողները»  Ըսաւ Ֆարաոն

Մեհրապի Մէջ . «Ժահժահը Եւ Հարիրին Միացնող Ազդակները Շատ Աւելի Են, Քան Զանոնք Իրարմէ Բաժնողները» Ըսաւ Ֆարաոն

Ժահժահ - Ֆարաոն հանդիպումէն պահ մը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մեհրապի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ֆարաոն ողջունեց Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որ ազգային շահերուն կը ծառայէ եւ ոչ միայն քրիստոնէական շահերուն: Ֆարաոն նշեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ ազգային...

Ապահովութեան Ուժերը Կը Ձերբակալեն Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Պատասխանատու Մը Եւ Հանգստեան Կոչուած Զինուորական Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ ձերբակալած է լիբանանցի քաղաքացի մը` Մ. Պ., որ «Ապտալլա Ազզամ» ահաբեկչական փաղանգներու զինուորական խմբաւորումներէն մէկուն պատասխանատուն է, հետեւած է ռումբեր եւ ականներ պատրաստելու վարժանքի, նիւթական եւ գումակային օժանդակութիւն տրամադրած է այդ փաղանգներուն, ինչպէս նաեւ մասնակցած լիբանանեան բանակին դէմ Ապրայի զինեալ բախումներուն: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց հանգստեան կոչուած գնդապետ մը,...

Մուքպել Ինտոնեզիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Զինուորական  Գործակցութեան Հեռանկարները

Մուքպել Ինտոնեզիացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Գործակցութեան Հեռանկարները

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Ինտոնեզիոյ պաշտպանութեան նախարար Ռայամիզար Ռայաքոտոն, որուն ընկերակցեցաւ զինուորական պատուիրակութիւն մը եւ Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Խազեն Խմէյտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ինտոնեզիական յարաբերութիւնները, յատկապէս ապահովական եւ զինուորական մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարներուն առումով: Մուքպել ողջունեց ինտոնեզիացի իր պաշտօնակիցը` դրուատելով երկկողմանի հեզասահ յարաբերութիւնները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայաքոտոյի` ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային...

Մաշնուք Հուսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի  Գաղթականներու Նուիրատու Երկիրներու  Խորհրդաժողովին Մանրամասնութիւնները

Մաշնուք Հուսի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներու Նուիրատու Երկիրներու Խորհրդաժողովին Մանրամասնութիւնները

Մաշնուք եւ զօր. Փորթոլանօ Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն, որ շեշտեց, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայունութիւնը հակակշիռի տակ է: Փորթոլանօ Մաշնուքի ներկայացուց նաեւ հարաւի մէջ ՄԱԿ-ի գործադրուած բարգաւաճման ծրագիրները, որոնց շարքին են նաեւ կարգ մը քաղաքապետարաններու ոստիկաններուն յատուկ վարժութիւնները: Ան բարձր գնահատեց հարաւցիներուն ցուցաբերած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իրենց գոյացուցած համաձայնութիւնը դաշինքի աստիճանին չէ հասած: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութիւնը վերածած է սառած մտքի մը, երբ ան անմիջապէս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարած...

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

Բագրատունի Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիահայ Գաղթականներու Պարագան

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինի այցելեց Շաղզոյեան կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ սուրիահայ գաղթականներու օժանդակութեան գրասենեակի պատասխանատու Աւետիս Կիտանեանի հետ: Լազարինի ստանձնած է մարդասիրական օժանդակութիւններու թղթածրարը: Անոր կ՛ընկերանային ՄԱԿ-ի Լիբանանի գրասենեակի պատասխանատուներ: Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանան ապաստանած սուրիահայ գաղթականներու օրակարգը եւ տարբեր մակարդակներու վրայ օժանդակութիւններ կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Շեշտը...

Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կը Գրաւեն Լուսարձակները Եւ Կ՛որոշեն Կառավարութեան Ճակատագիրը

Զինուորական Խորհուրդի Նշանակումները Կը Գրաւեն Լուսարձակները Եւ Կ՛որոշեն Կառավարութեան Ճակատագիրը

Լիբանանը հարուածող ձիւնամրրիկը նոյն ուժգնութեամբ պիտի շարունակուի այսօր խոստանալով ծովու մակերեսէն 600 մեթր բարձրութեան վրայ տարածել ձիւնի իր փաթիլները: Սակայն հակառակ ցուրտ օրերուն դպրոցները փակ պահելու կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի որոշումին, լիբանանցի աշակերտները այսօր պիտի ուղղուին դպրոց եւ պիտի հետեւին իրենց դասերուն` նկատի ունենալով, որ դպրոցներուն դռները բաց թէ փակ պահելու որոշումը նախարարին կողմէ ձգուած էր տնօրէններուն հայեցողութեան: «Թալասա»-ի...

Զօր. Աուն. «Մեր Շարժումը Խաղաղ Է, Սակայն  Ընդվզումի Մղող Քաղաքականութիւնը  Շարունակելու Պարագային Կրնայ Փոխուիլ»

Զօր. Աուն Ընդունեց Մըլհեմ Ռիաշին

Զօր. Միշել Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշին` ներկայութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Հանդիպումին մասին ոչինչ փոխանցուեցաւ, իսկ Ռիաշի մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:  

Պըրրի Եւ Ժահժահ Դիպուկ Պատասխաններով Կը Հակադարձեն Իրարու

Պըրրի Եւ Ժահժահ Դիպուկ Պատասխաններով Կը Հակադարձեն Իրարու

Լասըն եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ իրարու հակադարձեցին դիպուկ պատասխաններով: Պըրրիի կողմէ կատարուած էր հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Ի՞նչ է պահանջուածը. որ Հըզպալլա իմ եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի գլխուն զէնք եւ հրթիռ ուղղէ` պարտադրելով, որ որոշ թեկնածուի՞ մը քուէարկենք»: Այս յայտարարութեան Ժահժահ պատասխանեց հետեւեալ ձեւով. «Ի՞նչ հիման վրայ Փոփոխութիւն եւ...

«Հողմային Ուժով Ելեկտրականութիւն Արտադրելու Համաշխարհային Նուազուրդը Իրականացուցինք»   Շեշտեց Ա. Նազարեան

«Հողմային Ուժով Ելեկտրականութիւն Արտադրելու Համաշխարհային Նուազուրդը Իրականացուցինք» Շեշտեց Ա. Նազարեան

Արթիւր Նազարեան Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի տնտեսական պալատներուն կազմակերպութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատանիստ մը` ուժանիւթի պահպանման եւ անոր օգտագործման եւ բարեփոխման նիւթով: Աշխատանիստը հովանաւորեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, որ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, թէ անձնական մարզին նկատմամբ իրենց նայուածքը վերջին հանգրուանին փոխուած է` նշելով, որ անձնական մարզը աշխուժացուցած է իր ներդրումները` յատկապէս ուժանիւթի մարզին զօրակցելով: Ա....

Ապու Սաապ Ճշդեց Մոհամետ Մարգարէի  Ծննդեան, Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով  Դպրոցներուն Արձակուրդի Օրերը

Ապու Սաապ Դպրոցները Բանալու Կամ Փակ Պահելու Որոշումը Տնօրէններուն Հայեցողութեան Ձգեց

Էլիաս Ապու Սաապ Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտնեց, որ այսօրուան պարագային դպրոցներուն դռները բանալու կամ զանոնք փակ պահելու որոշումը դպրոցներու տնօրէնութիւններուն հայեցողութեան կը ձգէ: Ապու Սաապ նշեց, որ կան կարգ մը դպրոցներ, որոնք ջեռուցման սարքերով օժտուած են եւ դէպի դպրոց փոխադրութեան վտանգի հաւանականութիւն չկայ` նկատի ունենալով, որ ճամբաները ապահով են եւ սառոյցի վտանգ չեն դիմագրաւեր:...

«Արաբական Հարցերուն Նկատմամբ Լիբանանի Չէզոք Կեցուածքը Կը Պահպանէ Երկրին Ազգային Միասնականութիւնը»   Շեշտեց Պասիլ

«Արաբական Հարցերուն Նկատմամբ Լիբանանի Չէզոք Կեցուածքը Կը Պահպանէ Երկրին Ազգային Միասնականութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ինք Ապու Տապիի մէջ արաբական հասկացողութիւն շօշափած է` Լիբանանի որդեգրած չէզոք մնալու կեցուածքին գծով: Նշենք, որ Պասիլ Ապու Տապիի մէջ, ընկերակցութեամբ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապի, իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցական դռնփակ հանդիպումին, որ նուիրուած է մարտահրաւէրներուն դիմաց արաբական դերակատարութիւնը ճշդելու հրամայականին: «Արաբական հարցերուն նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքը կը պահպանէ...

«Ոչ Ոք Կրնայ Մեզի Պարտադրել Ընտրել Թեկնածու Մը, Որուն Նպատակներուն Ծանօթ Չենք»   Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Ոչ Ոք Կրնայ Մեզի Պարտադրել Ընտրել Թեկնածու Մը, Որուն Նպատակներուն Ծանօթ Չենք» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամունի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ 8 փետրուարի նախագահական ընտրութեան նիստը քաղաքական բոլոր ուժերուն համար քննութիւն մըն է, իսկ թեկնածուները պէտք է փաստեն, որ իրենք արժանի են երկրին իշխանութիւնը ստանձնելու: Ժեմայէլ ընդգծեց, որ կարեւորագոյնը երկրին հաստատութիւններուն աշխատանքին հեզասահ ընթացքն է, ինչպէս նաեւ երկրին...

Մուսթաքպալ-Հըզպալլա  Երկխօսութեան 13-րդ Նիստ

Մուսթաքպալ Հոսանքը Եւ Հըզպալլան Կոչ Կ՛ուղղեն Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Շուրջ Համաձայնելու

  Հըզպալլա եւ Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարեցին իրենց միջեւ երկխօսութեան 23-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի...

Page 863 of 986 1 … 862 863 864 … 986

Արխիւներ