Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց առողջապահութեան նախարարութեան կազմակերպած «Առողջապահական նախնական հոգատարութեան ծրագիր»-ի մեկնարկը:
Այս առիթով վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը աշխուժացնեն կառավարութեան գործունէութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ դնեն շրջանցելու գերզգայնութիւններն ու գերիվեր դասեն երկրին շահերը` պաշտպանելու համար Լիբանանը:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան այս հանգրուանին կը դիմագրաւէ արտակարգ պայմաններ, որոնք կարիքը ունին գիտակցութեան, հոգատարութեան եւ համբերութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները իրարմով կը հպարտանան` գնահատելով մեծ թիւով բժիշկ երեսփոխաններու ներկայութիւնը:
Սալամ հաստատեց, որ ինք իր պատասխանատուութիւններէն պիտի չհրաժարի` Լիբանանը եւ լիբանանցիները պաշտպանելու առումով:
Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, որովհետեւ մարմինը առանց գլխու անկարելի է, որ գործէ:
Իր կարգին, առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով ոչ մէկ երկիր ապրած է Լիբանանի փորձառութիւնը:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի բնակչութեան թիւը 25 առ հարիւրով բարձրացած է, աղքատութեան համեմատութիւնը եւս բարձրացած է, իսկ միջազգային օժանդակութիւններուն չափը` նուազած:
Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ իրենց կատարածը նախաքայլն է` առողջապահական ամբողջական հոգատարութեան ծրագիրին գործադրութեան առումով, ամրապնդելու համար լիբանանեան պետութիւնը եւ անոր ծառայութիւնն ու ընկերային պատասխանատուութիւնը իր քաղաքացիներուն նկատմամբ: