Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 29, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չկայ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կը փափաքի, որ քրիստոնեաները համաձայնին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ռամի Ռայէս շեշտեց, որ Մեհրապի հանդիպումը իրենք կը մեկնաբանեն իբրեւ ազգային հաշտութեան հանդիպում:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործեց, իսկ Նապաթիէի եւ Սուրի վերեւ կեղծ յարձակումներ կատարեց:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ իրենք ոչ ոքի կարծիքը կը պահանջեն Մեհրապի նախաձեռնութեան մասին` աւելցնելով, որ իրենց իրաւունքն է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը առաջադրել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Սելիմ Սայէղ շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ դառնալու յատկանիշներ ունի` աւելցնելով սակայն, որ հարցը անոր անձը չէ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի խորհրդական, դատաւոր Մոհամետ Սաապ շեշտեց, որ Ռիֆի մտադիր է նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը Արդարութեան խորհուրդին փոխանցել:

«ՍԱՈՒԹ ԼՈՒՊՆԱՆ» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շուարած է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու թէ չկատարելու առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Միշել Մըր իր այցելուներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին բազմիցս շեշտած է, թէ քաղաքապետական ընտրութիւնները կրնան յետաձգուիլ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ իշխանութիւնը պաշտօնապէս կառավարութեան կը պատկանի, սակայն գործնականապէս Հըզպալլայի հակակշիռին տակ կը գտնուի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Լիբանանը կրնայ փրկուիլ, երբ անոր ղեկավարները համոզուին, թէ դատական իշխանութեան աշխատանքներուն պէտք չէ միջամուխ դառնալ:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն ընդունեց մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժին եւ երեսփոխան Էլի Քէյրուզը, որոնց հետ քննարկեց զբօսաշրջութեան մարզին վերաբերող հարցեր:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ Զինուորական խորհուրդի նշանակումները կը վերաբերին պաշտպանութեան նախարարութեան եւ բանակի հրամանատարութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ գնահատեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի գործելաոճը` ինչ կը վերաբերի Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ֆրանսական դիւանագիտական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի նախագահական նախաձեռնութիւնը կրնայ ապարդիւն մնալ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումին հարցը այն է, թէ Հըզպալլա այս հանգրուանին հանրապետութեան նախագահ չ՛ուզեր ընտրել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը ունին նախագահական մէկ թեկնածու, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:

 

 

Նախորդը

Քուէյթի Մէջ Ձիւնեց Եւ Ջերմաստիճանը Նուազեցաւ -7-ի

Յաջորդը

«Ընտրական Օրէնքի Յանձնախումբը Իր Վերջնական Տեղեկագիրը Պիտի Պատրաստէ» Ըսաւ Ժորժ Ատուան

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?