
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ շրջանառութեան մէջ դրուած նախատեսութիւններ, որոնց հիմամբ լիբանանեան քաղաքական երկու մեծ ուժեր կը միտին համաձայնութիւն մը գոյացնել` քաղաքապետական ընտրութիւնները յետաձգելու նպատակով:
Ժահժահ յայտնեց, որ ասիկա վտանգաւոր երեւոյթ մըն է` աւելցնելով, որ ներկայ կառավարութիւնը բաղկացնող բոլոր ուժերը պատասխանատու են համախոհութեամբ գործելու եւ պէտք եղած որոշումները տալու:


