Լիբանանեան

Մաշնուք. «Համաձայն Չենք, Որ Արսալ  Զինուորական Գործողութեամբ Մը Ազատագրուի»

Մաշնուք. «Համաձայն Չենք, Որ Արսալ Զինուորական Գործողութեամբ Մը Ազատագրուի»

Մաշնուք եւ միւֆթի Տըրիան Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Մաշնուք շեշտեց, որ իրենք համաձայնած են հաղորդակցութիւնները շարունակել` Արսալը բանակին եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն բախումներէն պաշտպանելու համար: «Ճի՛շդ է, որ Արսալ բռնագրաւուած է, սակայն անոր ազատագրումը կը կատարուի անոր բնակչութեան կողմէ...

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Արաբական  Երկիրներու Ներքին  Հարցերուն Միջամուխ Դառնալ»

Պասիլ. «Լիբանան Կը Մերժէ Արաբական Երկիրներու Ներքին Հարցերուն Միջամուխ Դառնալ»

Պասիլ` լիբանանցի գործարարներուն հետ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող լիբանանցի գործարարներու մէկ պատուիրակութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին ակնարկելով Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումին` Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ որեւէ դեսպանատան կամ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ գործուած յարձակում, յատկապէս Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ...

Մուքպել. «Բանակին Յատկացուած  Օժանդակութիւնները Պակասաւոր  Կը Մնան` Անոր Զոհողութիւններուն Դիմաց»

Մուքպել. «Բանակին Յատկացուած Օժանդակութիւնները Պակասաւոր Կը Մնան` Անոր Զոհողութիւններուն Դիմաց»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ այցելեց բանակի գործողութիւններու կառավարման կեդրոնը, ուր ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին պայքարելու եւ գոյատեւելու կամքը` երկրին բոլոր ճակատներուն վրայ, յատկապէս Արսալի եւ Պաալպեքի բարձունքներուն, ուր ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Լիբանան մուտք գործելու փորձեր կը կատարուին: Մուքպել ընդգծեց, թէ երկրին սահմանները պաշտպանելու առումով բանակը կազմ ու պատրաստ եւ բարձր տրամադրութեամբ կը հսկէ: «Բանակին յատկացուած բոլոր օժանդակութիւնները...

Պքերքէի Մէջ.   «Մեհրապի Հանդիպումը Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Միացեալ Համոզումի Արդիւնք Էր»  Շեշտեց Քանաան

Պքերքէի Մէջ. «Մեհրապի Հանդիպումը Ազգային Ազատ Հոսանք Եւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Միացեալ Համոզումի Արդիւնք Էր» Շեշտեց Քանաան

Քանաան եւ Ռայի պատրիարքը Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ կը բաժնեն այն հանգստութիւնը, որ գետնի վրայ շօշափելի է լիբանանեան քրիստոնէական շրջանակներուն մէջ` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք...

«Ընդհանուր Դատախազութեան  Փոխանցած Ենք Աղբերը Հրկիզող  Քաղաքապետարաններուն Ցանկը»  Ըսաւ Ապու Ֆաուր

«Ընդհանուր Դատախազութեան Փոխանցած Ենք Աղբերը Հրկիզող Քաղաքապետարաններուն Ցանկը» Ըսաւ Ապու Ֆաուր

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2014-ին երկրին մէջ սկսած աղբի տագնապին իբրեւ հետեւանք սկսած են աղբերը հրկիզելու քայլերը, որոնք տակաւին կը շարունակուին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ, հակառակ անոր դէմ մղուած արշաւին եւ զգուշացումներուն: Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նկատի ունենալով աղբի հրկիզումին հետեւանքները, ինք ընդհանուր դատախազութեան փոխանցած է քաղաքապետարաններու ցանկը, որուն մէջ ներառուած...

«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը  Լիբանանը Կը Վերադարձնէ Իր Հաստատութենական  Բնականոն Աշխատանքներուն»   Շեշտեց Ժրէյժ

«Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութիւնը Լիբանանը Կը Վերադարձնէ Իր Հաստատութենական Բնականոն Աշխատանքներուն» Շեշտեց Ժրէյժ

Ռամզի Ժրէյժ Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ երէկ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը Լիբանանը կը վերադարձնէ իր հաստատութենական բնականոն աշխատանքներուն: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան ազգային կարեւորագոյն առաջնահերթութիւնը կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ անիկա իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ոչ միայն հաստատութիւններուն աշխատանքին, այլ նաեւ` կառավարութեան եւ խորհրդարանին աշխատանքներուն վրայ: «Այս բոլորը իրենց կարգին կը նպաստեն Լիբանանը առաջնորդելու դէպի յաւելեալ ապահովական կայունութիւն», շեշտեց...

Ռաատ. «Նախագահական Աթոռը Թափուր  Պիտի Մնայ, Այնքան Ատեն Որ Որդեգրուելիք  Գործելաձեւին Շուրջ Համախոհութիւն Չկայ»

Ռաատ Իտալիոյ Դեսպանին Հետ Քննարկեց Սուրիացի Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, յատկապէս Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութիւն համար: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ սուրիացի գաղթականներուն յատուկ Լոնտոնի վեհաժողովին վերաբերող մանրամասնութիւններ: Հանդիպումէն ետք Մարոթի շեշտեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ տեսակցութիւնները շարունակելու...

«Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը  Սլէյման Ֆրենժիէի Թեկնածութեան  Իբրեւ Պատասխան Չէ Կատարուած»  Նշեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը

«Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը Սլէյման Ֆրենժիէի Թեկնածութեան Իբրեւ Պատասխան Չէ Կատարուած» Նշեց Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւնը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան իբրեւ պատասխան չէ կատարուած: Նոյն հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը մտածած է նաեւ Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին, սակայն խորհրդակցութիւններուն ընդմէջէն ի յայտ եկած է, որ այս գծով փոխըմբռնում գոյութիւն...

Դրական Նախաձեռնութիւններու Ակնկալութեամբ` Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

Դրական Նախաձեռնութիւններու Ակնկալութեամբ` Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

Այն միջոցին, երբ կառավարութիւնը կը շարունակէ վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը` երկար ընդհատումէ ետք երկրորդ նիստ մը գումարելով վաղը, քաղաքացին դրական նախաձեռնութիւններ կը սպասէ կառավարութեան այս քայլին օրինակով, յատկապէս նախագահական ընտրութեան գծով: Արդարեւ, 8 փետրուարին կը նախատեսուի գումարել խորհրդարանի` նախագահի ընտրութեան յատկացուած 35-րդ նիստը, որուն արդիւնքներուն գծով տարակարծութիւնն ու թեր ու դէմ կարծիքները կը շարունակուին: Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր...

ՏԱՀԵՇ – Նուսրա Զինեալ  Բախումներուն Զուգահեռ.  Ապահովական Աղբիւրներ Կը Հաստատեն, Որ Վտանգ Չկայ

ՏԱՀԵՇ – Նուսրա Զինեալ Բախումներուն Զուգահեռ. Ապահովական Աղբիւրներ Կը Հաստատեն, Որ Վտանգ Չկայ

Վերջին օրերուն ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ սաստկացած բախումները ապահովական լուրջ մտավախութիւններ յառաջացուցին Արսալի բնակիչներուն եւ առհասարակ լիբանանցիներուն մօտ: Մտավախութիւնները հետեւանք էին այն տեղեկութեանց եւ մեկնաբանութեանց, ըստ որոնց, ՏԱՀԵՇ կը փորձէ աշխարհագրականօրէն ընդարձակել իր ազդեցութեան գօտին` իրականացնելու համար ծրագիրը իր «Էմիրութեան» հաստատման, որ «կ՛երկարի մինչեւ Միջերկրական ծով` հիւսիսային Լիբանանի կողմէն»: Այս գծով լիբանանեան ապահովական աղբիւրներ հանգստացուցին քաղաքացիները` հաստատելով, որ...

Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցը Ընդունելով.  «Լիբանանի Եւ Արաբական Երկիրներու Հզօրացումով Կը Վերամրապնդենք Մեր Դիմադրականութիւնը»  Յայտարարեց Նախարար Ժըպրան Պասիլ

Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցը Ընդունելով. «Լիբանանի Եւ Արաբական Երկիրներու Հզօրացումով Կը Վերամրապնդենք Մեր Դիմադրականութիւնը» Յայտարարեց Նախարար Ժըպրան Պասիլ

«Լիբանանի, Իրաքի եւ առհասարակ արաբական երկիրներու հզօրացումով կը վերահաստատենք ու կ՛ամրապնդենք վտանգներու դէմ մեր դիմադրական կարողութիւնը եւ կը վերադառնանք մեր պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ` իրաքցի իր պաշտօնակիցին հետ ունեցած իր խորհրդակցութեան աւարտին: Արդարեւ, Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարի երէկ ընդառաջելով նախարար Պասիլի հրաւէրին այցելեց Լիբանան եւ իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի...

Ազգային Ազատ Հոսանքի Ներքին  Ընտրութիւններուն Առիթով.  Պասիլ. «Ժողովրդավարական  Հիմնաքար Մը Եւս Աւելցուցինք»

Ազգային Ազատ Հոսանքի Ներքին Ընտրութիւններուն Առիթով. Պասիլ. «Ժողովրդավարական Հիմնաքար Մը Եւս Աւելցուցինք»

  «Ո՛չ բացարձակ իշխանութիւն, ո՛չ ալ ընդդիմութիւն կայ Ազգային ազատ հոսանքին մէջ», յայտարարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ, կուսակցութեան կատարած երկրորդ հանգրուանի ընտրութիւններուն առիթով: Լրացուցիչ այս ընտրութիւններուն աւարտին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Պասիլ ընդգծեց, թէ «ընտրական այս իրագործումով, ժողովրդավարական հիմնաքար մը եւս աւելցուցինք»: Պասիլ ողջունեց ընդդիմութեան կամ հակաճառութեան որեւէ կեցուածք` իբրեւ նշան լայնախոհութեան: Նշենք, որ այս...

Նաւակի Խանգարման Պատճառով Մահացած Երկու Զինուորներուն Մարմինները Յանձնուեցան Հողին

Զիրենք փոխադրող նաւակի թեքնիք խանգարման պատճառով մահացած բանակային երկու զինուորներուն մարմինները երէկ յանձնուեցան հողին: Բանակը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց երկու զինուորներուն մահը` յայտնելով, որ զանոնք փոխադրող նաւակը թեքնիք խանգարման պատճառով մասամբ ընկղմած էր Քլէյաաթի բացերը, որմէ ետք կապը խզուած էր նաւուն հետ: Երկու մահացած զինուորներուն` Էլի Ռամեզ Մաթարի եւ Հասան Ապտալլա Ալի Ժամալի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ իրենց ծննդավայրերուն մէջ` յաջորդաբար:  

Դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

Դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ Այցելեց Ուալիտ Ժոմպլաթի

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան մէկ պատուիրակութեան: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին տեղական եւ արտաքին քաղաքական նորագոյն զարգացումները` ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ:  

Թուրքիա Այցեգիր Կը Պահանջէ Լիբանանցի Վարորդներէն

Աւելի քան երկու հարիւր լիբանանցի վարորդներու Թուրքիա մուտքը առկախուած է, եւ անոնք իրենց բեռնակառքերով շարքի կը սպասեն սահմանի մուտքին: Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը, «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին վերագրելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ Թուրքիա այցեգիր կը պահանջէ իր սահմաններէն ներս մտնել փորձող լիբանանցի վարորդներէն:

Պէյսարիէի Մէկ Ճամբան Սահանքի Ենթարկուեցաւ

Պէյսարիէի Մէկ Ճամբան Սահանքի Ենթարկուեցաւ

Հարաւի Պէյսարիէ գիւղաքաղաքի մէկ ճամբան ամբողջութեամբ փուլ եկաւ շաբաթավերջին` սահանքի պատճառով: Շրջանի թաղապետ Ահմետ Հասան հանգստացուց, որ քաղաքացիները լաւ են եւ մարդկային զոհեր չկան, սակայն նիւթական մեծ կորուստներ արձանագրուած են եւ կացութիւնը ողբերգական է: Այս գծով Շտապ օգնութեան Գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այսօր` երկուշաբթի պիտի այցելէ Զահրանի` մօտէն ծանօթանալու Պէյսարիէի մէկ ճամբու սահանքի հետեւանքներուն: Հանրօգուտ շինութեանց նախարար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ուատի Ժալլուլ թաղամասի բնակիչներ երէկ կարճ ատենով փակեցին շրջանի ճամբաները` իբրեւ բողոք ճամբաներու անանցանելիութեան եւ խորտուբորտ վիճակին դէմ` պահանջելով անոնց ասֆալթապատումը: ԱՒԵԼԻ քան հինգ հազար հեկտար տարածութեամբ մշակուած հողեր Պար Էլիասի մէջ կը ջրուին կոյուղիներու ջուրերով, հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի.» կայանը` պատկերասփռելով այս գծով շրջանի բնակիչներու բողոքի աղաղակները: ԵՐԿԱՐ տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ մալարիայի առաջին զոհ Սիպել Պուէյրիի...

«Հըզպալլա Յանձնառու Կը Մնայ  Զօր. Միշել Աունի Թեկնածութեան»   Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Հըզպալլա Յանձնառու Կը Մնայ Զօր. Միշել Աունի Թեկնածութեան» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Հակառակ անոր որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կը մնայ սառած եւ մեկնելով այն կոչերէն, որ պէտք է այդ հոլովոյթին սառցահալը ապահովել եւ անյապաղ հանրապետութեան նախագահ ընտրել, երէկ երեկոյեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յստակացուց Հըզպալլայի պաշտօնական կեցուածքը: Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքը նորութիւն մը չէր, այլ վերահաստատում, թէ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր....

Պասիլ Պուսթրոս Պալատին Մէջ  Ընդունեց Նատեր Հարիրին

Պասիլ Պուսթրոս Պալատին Մէջ Ընդունեց Նատեր Հարիրին

Ժըպրան Պասիլ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլ երէկ ջնջեց Լոնտոն կատարելիք իր այցելութիւնը եւ կէսօրին Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրին: Հանդիպումին մասին ոչինչ հաղորդուեցաւ: Միւս կողմէ, Պասիլ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին նախարարութեան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներուն եւ անոնց օժանդակութեան նպատակով Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին: Պասիլ դիտել...

Վարչապետարանին Մէջ.   Սալամ Քննարկեց Լոնտոնի  Խորհրդաժողովին Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետարանին Մէջ. Սալամ Քննարկեց Լոնտոնի Խորհրդաժողովին Վերաբերող Հարցեր

Հան եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Եւրոպական ընդարձակումի քաղաքականութեան եւրոպացի յանձնակատար Եոհաննես Հանը, որուն հետ քննարկեց Լոնտոնի մէջ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գումարուելիք սուրիացի գաղթականներուն յատուկ վեհաժողովին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք վարչապետարանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հան շեշտեց, որ Լիբանան անհաւատալի աշխատանք կը տանի, աշխատանք մը, որուն մասին կ՛արժէ խօսիլ` նկատի ունենալով յատկապէս հանրապետութեան նախագահի չգոյութիւնը: Հան...

Page 861 of 986 1 … 860 861 862 … 986

Արխիւներ