
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի անձնական փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն եւ ՄԱԿ-ի կողմէ անոնց ներկայացուած օժանդակութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Լազարինի հաստատեց, որ Լիբանան շատ առատաձեռն գտնուած է սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով եւ 2011-էն ի վեր անոր տնտեսութիւնն ու ապահովութիւնը ծանրաբեռնուած է` սուրիացի գաղթականներուն պատճառով:
Մաշնուքի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզ, որ ներքին գործոց նախարարին հետ քննարկեց ապահովական մարզին մէջ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ճոնզ գնահատեց կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու ջանքերը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելը ներքին գործոց նախարարութեան պատրաստակամութիւնը` նկատել տալով, որ անիկա ժողովրդավարութեան հիմքերը կը ներկայացնէ:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարարութիւնը երէկ գիշեր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ նախարար Մաշնուք վստահ է, որ երեքշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամները մնայուն պաշտօնեաներ դարձնելու պաշտօնական որոշումը պիտի տրուի:


