Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 28, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ եւ Իրանի նախագահներ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Հասան Ռուհանի այսօրուան իրենց հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկեն Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը:

ԸՆՏՐԱԿԱՆ օրէնքի մշակման յատուկ ենթայանձնախումբին աշխատանքը մէկ ամիսով երկարաձգուեցաւ: Այս հանգրուանին յանձնախումբը կը սերտէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներկայացուած ընտրական խառն օրէնքները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մեհրապի հանդիպումը պարզապէս քրիստոնէական հանդիպում չէր, այլ` ազգային, նկատի ունենալով, որ անոր ներկայացուցած երկու կողմերէն մէկը կը գտնուի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու խմբաւորումին մէջ, իսկ միւսը` Մարտ 8-ի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան արեւելեան եկեղեցիներու օրէնքներու բարեկարգումին մանրամասնութիւնները:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս շեշտեց, որ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք սուրիացի գաղթականներուն օժանդակութեան յատուկ միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանան պիտի ներկայանայ գաղթականներուն բնակեցումը մերժող կեցուածքով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յոյս յայտնեց, որ 4 եւ 5 փետրուարին Լոնտոնի մէջ գումարուելիք սուրիացի գաղթականներուն յատուկ միջազգային խորհրդաժողովը արդիւնաւէտ ըլլայ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը առաջադրելու նպատակն էր Հըզպալլա – Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն դաշինքը հարուածել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայէտ շեշտեց, որ ինք կը զօրակցի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութեան` աշխուժացնելու համար կառավարութեան աշխատանքը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Լիբանանի նախագահական ընտրութեան օրակարգը ուղղակիօրէն կապած է շրջանային աւելի ընդարձակ օրակարգի մը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է իրենց տարակարծութիւնները շրջանցեն եւ կառավարութեան նիստին ընթացքին համաձայն գտնուին քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն անդամները մնայուն պաշտօնեայ դարձնելու պահանջին:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Հըզպալլա սիւննի հոգեւորականները կը գնէ եւ զանոնք կը վերածէ շիի կրօնաւորներու, ինչպէս նաեւ շիի հոգեւոր հեղինակութիւններու:

ՊԵՔԱԱՅԻ միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյս կոչ ուղղեց շիի արաբները փրկելու իրանեան բռնատիրական հակակշիռէն:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին եւ պիւթակազի սակերը նուազած են 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Միշել Սմահան դատավարութեան ենթարկող Զինուորական վճռաբեկ ատեանի կազմին մէջ փոփոխութիւններ արձանագրուած են:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային հետաքրքրութիւնը հետզհետէ պիտի սկսի նուազիլ գարնան:

ԷՅՉ. ուան էն. ուանով (խոզակրիփ) վարակուած աղջնակ մը փոխադրուած է Սայտայի պետական հիւանդանոց, ուր ան բժշկական խնամքի կ՛ենթարկուի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ զօր. Աունի թեկնածութեան առաջադրումին մասին Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի կեցուածքը քրիստոնեաները անակնկալի մատնած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան յաջորդ նիստը պիտի գումարուի 11 փետրուարին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը համոզուած չեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան առաջադրումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աուն նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը տակաւին ոչ մէկ պատասխան ստացած է զինուորական նշանակումներուն մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական եւ յարաբերական հարցերու պատասխանատու Մըլհեմ Ռիաշի շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր հանդիպումին նպատակն էր քննարկել նախագահական ընտրութեան նախաձեռնութեան մանրամասնութիւնները` անոր յաջողութիւնը ապահովելու նպատակով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Վատիկան հանգիստ կը զգայ լիբանանցի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն միջեւ գոյացած համաձայնութեան գծով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը հաստատեց, որ Վատիկան կը նկատէ, թէ Մեհրապի հանդիպումը կը նպաստէ նախագահական ընտրութեան իրականացման:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդականներէն Ղաթթաս Խուրիի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի միջեւ արձանագրուած է գաղտնի հանդիպում մը, որ բաւական երկար տեւած է:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական աղբիւրներ շեշտած են, թէ միայն երկխօսութիւնը կարողութիւն ունի  Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապին լուծումը ապահովել: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ քննարկած են քաղաքապետական ընտրութիւններուն պարագային գործակցութեան հեռանկարները:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Ջնջած Են Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներն Ու Քուպայի Դէմ Հաստատուած Տնտեսական Շարք Մը Սահմանափակումներ

Յաջորդը

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Յանցագործներուն Հետապնդումն Ու Ձերբակալումը

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.