
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրին Պքերքէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկուեցան երկիրը յուզող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ կը բաժնեն այն հանգստութիւնը, որ գետնի վրայ շօշափելի է լիբանանեան քրիստոնէական շրջանակներուն մէջ` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութեան իբրեւ արդիւնք:
Քանաան յայտնեց, որ այդ հանգստութիւնը շօշափելի է քրիստոնեայ համայնքին 90 առ հարիւրին մօտ:
Ան նշեց, որ իրենք գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեն բոլորին, որովհետեւ իրենց գոյացուցած համաձայնութիւնը բոլոր քրիստոնեաներուն համար միացեալ տեսլական կրնայ նկատուիլ:
«Մեհրապի հանդիպումը ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ միացեալ համոզումի արդիւնք էր», ըսաւ Քանաան: