Զիրենք փոխադրող նաւակի թեքնիք խանգարման պատճառով մահացած բանակային երկու զինուորներուն մարմինները երէկ յանձնուեցան հողին: Բանակը հաղորդագրութեամբ մը գուժեց երկու զինուորներուն մահը` յայտնելով, որ զանոնք փոխադրող նաւակը թեքնիք խանգարման պատճառով մասամբ ընկղմած էր Քլէյաաթի բացերը, որմէ ետք կապը խզուած էր նաւուն հետ:
Երկու մահացած զինուորներուն` Էլի Ռամեզ Մաթարի եւ Հասան Ապտալլա Ալի Ժամալի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ իրենց ծննդավայրերուն մէջ` յաջորդաբար: