Հակառակ անոր որ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կը մնայ սառած եւ մեկնելով այն կոչերէն, որ պէտք է այդ հոլովոյթին սառցահալը ապահովել եւ անյապաղ հանրապետութեան նախագահ ընտրել, երէկ երեկոյեան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա յստակացուց Հըզպալլայի պաշտօնական կեցուածքը:
Նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով սէյիտ Նասրալլայի կեցուածքը նորութիւն մը չէր, այլ վերահաստատում, թէ Հըզպալլա կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:
«Մեր դաշնակիցները մեր բարեկամներն են ու մտերիմները: Անոնց հետ մեր յարաբերութիւնները միայն քաղաքական շահեր չեն, այլ` մտերմութիւն, վստահութիւն եւ ազգային հիմքերու շուրջ համաձայնութիւն: Մենք բացայայտ կերպով զօրակցած ենք զօր. Աունի թեկնածութեան, հետեւաբար մենք զուտ բարոյական եւ բարոյական-քաղաքական յանձնառութիւն ունինք անոր նկատմամբ, եւ այդ յանձնառութիւնը չենք խզեր», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա իր յանձնառութիւններուն տէր կը կանգնի, նոյնիսկ եթէ քաղաքական առումով պարտութիւն պիտի կրէ:
«Նախագահական ընտրութեան առումով, Հըզպալլա յանձնառու կը մնայ զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան, բացի եթէ ան յետս կոչէ իր թեկնածութիւնը», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ այդ պարագային միայն կրնան ազատ ըլլալ` այլ թեկնածուի մը զօրակցելու իմաստով:
«Իսկ եթէ մէկուկէս տարի առաջ մենք յանձնառութիւն յայտնած ըլլայինք Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութեան, այսօր նոյնպէս պիտի յայտարարէինք, թէ մենք մեր յանձնառութեան տէրն ենք», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:
Մեկնելով նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն ինքնութենէն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ երկու թեկնածուներուն պատկանելիութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու անդամ է եւ ոչ թէ Մարտ 14-ի, «ինչ որ ինքնին քաղաքական շահ կը նկատուի մեր խմբաւորումին համար», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով քաղաքապետական ընտրութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն, որ այդ ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին, «իսկ զանոնք յետաձգելու պարագային պիտի բողոքենք», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Իրան ոչ մէկ կապ ունի Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հետ եւ ոչ մէկ ատեն այդ մասին ակնարկած է հիւլէական թղթածրարին շուրջ գոյացած համաձայնութեան բանակցութիւններուն ընթացքին:
Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ մզկիթներէն մէկուն դէմ գործուած ահաբեկչութիւնը:
Ան ողջունեց երկրին սահմաններուն ապահովութեան հսկող բանակայինները եւ Դիմադրութեան մարտիկները` շեշտելով, որ անոնք բոլոր լիբանանցիներու յարգանքին արժանի են` նկատի ունենալով, որ իրենց կեանքին գնով կը պահպանեն երկրին անվտանգութիւնը:
Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց նաեւ կառավարութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու առումով ի գործ դրուած ջանքերը` բարձր գնահատելով այս իմաստով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ճիգերը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղելով նախարարաց խորհուրդին ընդառաջելու քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու կամաւորներուն իրաւացի պահանջներուն: