Աւելի քան երկու հարիւր լիբանանցի վարորդներու Թուրքիա մուտքը առկախուած է, եւ անոնք իրենց բեռնակառքերով շարքի կը սպասեն սահմանի մուտքին:
Լիբանանեան «Նաշրա» կայքը, «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին վերագրելով իր տեղեկութիւնները, հաղորդեց, որ Թուրքիա այցեգիր կը պահանջէ իր սահմաններէն ներս մտնել փորձող լիբանանցի վարորդներէն: