Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ 2014-ին երկրին մէջ սկսած աղբի տագնապին իբրեւ հետեւանք սկսած են աղբերը հրկիզելու քայլերը, որոնք տակաւին կը շարունակուին լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ, հակառակ անոր դէմ մղուած արշաւին եւ զգուշացումներուն:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ նկատի ունենալով աղբի հրկիզումին հետեւանքները, ինք ընդհանուր դատախազութեան փոխանցած է քաղաքապետարաններու ցանկը, որուն մէջ ներառուած են 74 քաղաքապետարաններ:
Ապու Ֆաուր քաղաքապետարաններէն խնդրեց աղբերը գետերուն մէջ չթափել` աւելցնելով, որ առաւելագոյնը մինչեւ փետրուարի վերջ կարելի պիտի ըլլայ աղբերը Լիբանանէն դուրս ղրկել:
Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութեան մէջ կատարուած նշանակումներուն մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այդ նշանակումները կատարուած են յարգելով նշանակեալ պաշտօնեաներուն կարողութիւններն ու ատակութիւնը, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով համայնքային հաւասարակշռութիւնները:
Ապու Ֆաուր ընդգծեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վերջին անձն է, որ կը մտածէ երկրին մէջ տիրող համայնքային հաւասարակշռութիւնը խախտելու մասին: