Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ Մուխթարայի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Ճոնզը` ընկերակցութեամբ դեսպանատան մէկ պատուիրակութեան:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին տեղական եւ արտաքին քաղաքական նորագոյն զարգացումները` ապահովական իրադարձութեանց լոյսին տակ: