Լիբանանեան

Տաւութօղլու. «Մօտիկ Ապագային  Պիտի Այցելեմ Լիբանան»

Տաւութօղլու. «Մօտիկ Ապագային Պիտի Այցելեմ Լիբանան»

Տաւութօղլու եւ Սալամ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիա Լիբանանի բարեկամ երկիր է եւ կասկածէ վեր է, որ ան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները: «Առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիա նման նախաձեռնութեան կը դիմէ. 2008-ին Անգարա մեծապէս նպաստած է լիբանանեան ներքին հարցերուն լուծման», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Ընդգծեց Կառավարութեան Եւ Խորհրդարանին Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Հասան Ֆատլալլա Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ նախագահեց պլոքի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած որոշումները: Ֆատլալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ Դիմադրութեան համակիրները կը հպարտանան այդ ուղեգիծին արձանագրած յաջողութիւններով, յատկապէս Իսրայէլի եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարով: Ֆատլալլա յայտնեց, որ Իսրայէլ կը շարունակէ սպառնալ Լիբանանի գոյութեան` աւելցնելով, որ Սուրիա արժանի է շնորհաւորութեան` գետնի...

«Դաշնակիցներուս Հետ  Ոչ Մէկ Հարց Ունիմ»  Հաստատեց Ֆրենժիէ

«Դաշնակիցներուս Հետ Ոչ Մէկ Հարց Ունիմ» Հաստատեց Ֆրենժիէ

Սլէյման Ֆրենժիէ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ դրական մթնոլորտն ու քաղաքական պայմաններն են, որոնք կը յանգին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը պարզապէս հանգրուան մըն է, իսկ ինք քաղաքական դաշնակիցներուն հետ ոչ մէկ հարց ունի: Անդրադառնալով հիւսիսային Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններուն` Ֆրենժիէ կոչ ուղղեց բոլորին տեղեկատուական բանավէճերով չտարուելու: Իր խօսքը ուղղելով Մարատայի անդամներուն եւ համակիրներուն`...

Կոչ Լիբանանի Հայութեան

Կոչ Լիբանանի Հայութեան

Հինգշաբթի, 4 փետրուար 2016-ին, հայ ժողովուրդը միահամուռ կը տօնախմբէ Վարդանանց հերոսամարտը: Հազար հինգ հարիւր վաթսուն եւ հինգ տարիներու հեռաւորութեան վրայ դիտած Վարդանանց հերոսամարտի ոգեկոչումը ապացոյց է հայոց պատմութեան այս անկիւնադարձային ազգակերտ դէպքին բովանդակած պատգամին անժամանցելիութեան: Հայոց պատմութեան իւրաքանչիւր շրջան թէ հանգրուան իրեն յատուկ պարտաւորեցուցիչ պարագաները եւ պահանջները ունեցած է: Այդ բոլորին մէջ, Վարդանանց հերոսամարտը միշտ ալ մնացած է այժմէական եւ...

Լիբանան Քաղաքական Տեղքայլի Մէջ,  Իսկ Արսալ` Բանակին Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Միջեւ  Բախումներու Թատերաբեմ

Լիբանան Քաղաքական Տեղքայլի Մէջ, Իսկ Արսալ` Բանակին Եւ ՏԱՀԵՇ-ի Միջեւ Բախումներու Թատերաբեմ

Քաղաքական առումով Լիբանանի մէջ տեղքայլը կը շարունակուի` նկատի ունենալով, որ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը իրողապէս կը մնայ առկախ: Նախագահական անյապաղ ընտրութիւն կատարելու մասին երէկ կէսօրին Պքերքէի մէջ Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին կողմէ արձանագրուեցան կոչեր, իսկ երեկոյեան ընկերային ցանցի ընձեռած հաղորդակցութեան շրջագիծին մէջ տիւրզի համայնքի երկու ղեկավարներ «Թուիթըր»-ի իրենց կեցուածքներուն ընդմէջէն փորձեցին ճշդել հանրապետութեան նախագահին «պատկանելիութիւնը»: Այս առումով, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան...

Վարչապետ Սալամ Այսօր Կը Մասնակցի  Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունենալիք Խորհրդաժողովին

Վարչապետ Սալամ Այսօր Կը Մասնակցի Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունենալիք Խորհրդաժողովին

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ մեկնեցաւ Բրիտանիա` գլխաւորելով լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ պիտի մասնակցի Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք Սուրիոյ եւ շրջանի օժանդակութեան խորհրդաժողովին: Վարչապետ Սալամ այսօր Լիբանանի խօսքը կ՛արտասանէ` գումարուելիք խորհրդաժողովին ընթացքին: Այս շրջագիծին մէջ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ զգուշացուց Լոնտոնի խորհրդաժողովին ընթացքին սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուելիք մակերեսային մօտեցումէն: Պասիլ նշեց, որ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովը պիտի ըլլայ քննութիւն...

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն  Պատրաստուելու Առումով Հըզպալլա  Եւ Ամալ Շարժումը Երկար Ճամբայ Կտրած Են»

Պըրրի. «Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Պատրաստուելու Առումով Հըզպալլա Եւ Ամալ Շարժումը Երկար Ճամբայ Կտրած Են»

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ լիբանանցիները պէտք է առիթէն օգտուին եւ նախ եւ առաջ նախագահական ընտրութիւն կատարեն: Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանան հասուն պտուղ մըն է, որ պէտք է հիմա քաղել, որովհետեւ ապագային ան կրնայ իյնալ: Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց կառավարութեան կողմէ քաղաքապետական ընտրութիւններուն ֆինանսաւորումին...

Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան  Պատուոյ Ուխտի Յայտարարութիւն

Ելեկտրոնային Տեղեկատուութեան Պատուոյ Ուխտի Յայտարարութիւն

Հովանաւորութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի, երէկ լրագրողներու սենտիքային մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ ելեկտրոնային տեղեկատուութեան պատուոյ ուխտը, որուն նպատակն է այս ասպարէզը պարկեշտ պահել, ինչպէս նաեւ զայն կազմակերպել: Յայտարարութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքի, Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ, Ազգային լրատու գործակալութեան նախագահ Լոր...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը  Կ՛ողջունէ Որեւէ Նախաձեռնութիւն,  Որ Կը Նպաստէ Նախագահական Ընտրութեան

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կ՛ողջունէ Որեւէ Նախաձեռնութիւն, Որ Կը Նպաստէ Նախագահական Ընտրութեան

Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն պահ մը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը երէկ Պքերքէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ընթացքին խորհուրդը քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ այդ քննարկումներուն լոյսին տակ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ բարձր գնահատեց լիբանանեան երկխօսութիւնը` պնդելով, որ անհրաժեշտ է երկկողմանի մակարդակի վրայ սկսած խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ զանոնք ամբողջական դարձնել: Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կ՛ողջունէ...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.  «Իրան Կը Փափաքի Լիբանանի Նախագահական  Ընտրութիւնը Շրջանային  Իրադարձութիւններուն Կապել»  Շեշտեց Ռիֆի

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Իրան Կը Փափաքի Լիբանանի Նախագահական Ընտրութիւնը Շրջանային Իրադարձութիւններուն Կապել» Շեշտեց Ռիֆի

Ռիֆի եւ միւֆթի Տըրիան Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի շեշտեց, որ նախկին նախարար Միշել Սմահայի թղթածրարը ազգային հարց է, ինչպէս նաեւ հարց մը, որ կը սպառնայ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անվտանգութեան, երկրին կայունութեան եւ ազգային համերաշխութեան: «Ոճրագործ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Վիքթոր Մարսիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ, աշխատանքի նախարար Սըժաան Քազզի հաստատեց, որ իրենց նախագահական իսկական թեկնածուն Ամին...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Քաղաքապետական  Ընտրութիւն Կատարելու Գումարները` Յետաձգելով  Քաղաքացիական Պաշտպանութեան  Ուժերուն Պահանջին Քննարկումը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Քաղաքապետական Ընտրութիւն Կատարելու Գումարները` Յետաձգելով Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Պահանջին Քննարկումը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Նեպիլ տը Ֆրէյժ եւ Ալեն Հաքիմ: Աւելի քան չորս ժամ տեւած նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդին գումարած նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտած է, որ այս նիստին նպատակն է քննարկել անցեալ նիստէն մնացած օրակարգի կէտերը: Ժրէյժ նշեց, որ այդ...

Պըրրի. «Երեք Ամիսէ Ի Վեր Մենք  Կը Պատրաստուինք Քաղաքապետական  Ընտրութիւններուն»

Պըրրի. «Երեք Ամիսէ Ի Վեր Մենք Կը Պատրաստուինք Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն»

Դեսպան Պոն եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ նախագահական ընտրութեան եւ ներկայ շրջանային իրադարձութիւններուն, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներուն միջեւ կապեր ստեղծել: Ան նշեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ընդարձակ համախոհութեան կարիք ունի` աւելցնելով, որ այդ համախոհութիւնը կարելի է ապահովել ներքին լիբանանեան կայունութիւնը ամրապնդելով: Պըրրի շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան համար փաստօրէն երկու թեկնածու կայ. անոնք են` Փոփոխութիւն եւ...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը  Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան  Կամաւոր Ուժերը Պաշտօնեաներու Վերածելու`  Առանց Պենզինի Թիթեղին Սակը Աւելցնելու

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Կամաւոր Ուժերը Պաշտօնեաներու Վերածելու` Առանց Պենզինի Թիթեղին Սակը Աւելցնելու

Սելիմ Ժրայսաթի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որմէ ետք նախկին նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կարգ մը նախարարութիւններու եւ ապահովական կառոյցներու մէջ բարգաւաճման ընթացքն ու նշանակումները առաւելագոյն չափով ազդուած են փտածութենէ: «Այդ մասին օրինակներ կարելի է քաղել ելեւմուտքի նախարարութենէն եւ պետական անվտանգութեան կառոյցէն», ըսաւ Ժրայսաթի: Ան աւելցուց, որ իրենց...

Առեւանգուած 5 Չեխ  Քաղաքացիները Ազատ Արձակուեցան

Առեւանգուած 5 Չեխ Քաղաքացիները Ազատ Արձակուեցան

18 յուլիս 2015-ին Խըրպըթ Քանաֆար- Քեֆրայա ճամբուն վրայ իրենց վարորդին` Սաէպ Ֆայեատի կողմէ առեւանգուած 5 չեխ քաղաքացիները նախանցեալ օր ազատ արձակուեցան: Չեխիոյ կառավարութիւնը պաշտօնապէս յայտնեց, որ իր 5 քաղաքացիները ազատ արձակուած են` ընդգծելով, որ անոնք առողջ եւ լաւ վիճակի մէջ են եւ կը գտնուին լիբանանեան ապահովական ուժերուն մօտ: Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ 5 չեխ քաղաքացիները ողջ-առողջ են` աւելցնելով,...

Լիբանանեան Բանակը Հերքեց Իր Հրամանատարին  Վերագրուող Յայտարարութիւնները

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Թռչող Անօդաչու Սարք Մը Կը Ջախջախուի

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ երէկ առաւօտեան ժամը 1:00-ին ջախջախուած է բանակին պատկանող թռչող անօդաչու սարք մը, որ թեքնիք խանգարումի ենթարկուած էր: Միւս կողմէ, բանակի հրամանատարութեան մէկ այլ հաղորդագրութեան համաձայն, Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանի բնակարաններէն մէկուն մէջ բանակը բացայայտեց 6 քկ պայթուցիկ նիւթ, կէս քկ նոր ձեռնառումբեր, գնդացիրներ, զինամթերք, ինչպէս նաեւ 9 քամերաներ, հեռաձայնային հաղորդակցութեան սարքեր,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան մը` Էլիզապեթ Ռիչըրտ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը համաձայն է քաղաքապետական ընտրութիւնները կատարելու: ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան մտահոգ է Արսալի դէմ զինուորական գործողութիւն մը կատարելու առումով, եթէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները իրենց հակակշիռին տակ առնեն գիւղը: Ան նշեց, որ Արսալը պաշտպանելու եւ...

Կառավարութեան Գործունէութիւնը Կը Թուի Հունի Մէջ Մտած Ըլլալ

Մինչ նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը կը մնայ տեղքայլի մէջ, կառավարութիւնը այսօր առաւօտեան կը գումարէ իր նիստը, որմէ կ՛ակնկալուի ընդառաջել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պահանջին` կամաւոր ծառայողները վերածելով մնայուն պաշտօնեաներու: Այս թղթածրարը, որուն վաւերացումին առնչութեամբ տարբեր հեղինակութիւններ հաստատումներ կատարեցին, այլեւս փշոտ հարց չի նկատուիր, բացի եթէ մետասաներորդ պահուն այդ որոշումը չգոյանայ: Ի տես երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին, վարչապետ Սալամ երէկ հաստատեց, որ կառավարութեան...

«Կը Ջանամ Կառավարութիւնը Զերծ Կացուցել  Քաղաքական Տարակարծութիւններէն`  Պահպանելու Համար Անոր Արդիւնաբերութիւնը»   Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

«Կը Ջանամ Կառավարութիւնը Զերծ Կացուցել Քաղաքական Տարակարծութիւններէն` Պահպանելու Համար Անոր Արդիւնաբերութիւնը» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Իսլանտայի վարչապետը եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Իսլանտայի վարչապետ Սիկմունտուր Կունլոկսոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամիսի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները: Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ հարցազրոյցի մը մէջ շեշտեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ...

Page 860 of 986 1 … 859 860 861 … 986

Արխիւներ