Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դրական Նախաձեռնութիւններու Ակնկալութեամբ` Հայեացքները Սեւեռած Են Կառավարութեան Վաղուան Նիստին

February 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

kelkh-013116

Այն միջոցին, երբ կառավարութիւնը կը շարունակէ վերաշխուժացնել իր գործունէութիւնը` երկար ընդհատումէ ետք երկրորդ նիստ մը գումարելով վաղը, քաղաքացին դրական նախաձեռնութիւններ կը սպասէ կառավարութեան այս քայլին օրինակով, յատկապէս նախագահական ընտրութեան գծով: Արդարեւ, 8 փետրուարին կը նախատեսուի գումարել խորհրդարանի` նախագահի ընտրութեան յատկացուած 35-րդ նիստը, որուն արդիւնքներուն գծով տարակարծութիւնն ու թեր ու դէմ կարծիքները կը շարունակուին:

Արդարեւ, այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր անհաւանական կը նկատեն նախագահի ընտրութիւնը 8 փետրուարին, քուլիսային խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին մէկէ աւելի ուղղութիւններով:

Վերապահները իրենց կեցուածքը կը հիմնաւորեն առարկելով, որ «ոմանք նախագահի ընտրութեան պիտակին տակ հանրապետութիւնը, վարչակարգը կ՛ուզեն փոխել»: Ուրիշներ իրենց առաջարկած թեկնածուին անտեսման մէջ վտանգուած կը տեսնեն Թաէֆի համաձայնագիրը:

Հակառակ այս ժխտական կեցուածքներուն, քուլիսներու ետին թէ բացայայտ կեցուածքներով կողմերը կը շեշտեն նախագահի ընտրութեան հրամայականը, եթէ ոչ 8 փետրուարին, գէթ յառաջիկայ գարնան, որ ըստ ոմանց ժամկէտ կը նկատուի նախագահի ընտրութեան գծով:

Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր օրինակ փաղանգաւոր նախկին նախարար Էլի Մարունիի այն յայտարարութիւնը, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կ՛ուզէ նոր էջ բանալ Հըզպալլայի հետ այսօր, նախքան վաղը:

Նմանապէս, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Պընաշհի ուղարկած է իր խորհրդականներէն նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրին` Մարատա հոսանքի ղեկավար եւ նախագահական թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէի հետ արժեւորելու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի վերջին ճառը: Միւս կողմէ, Հարիրի Ռիատի մէջ ընդունած է զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոնը եւ անոր փոխանցած իր պատրաստակամութիւնը` երկխօսութեան նստելու որեւէ կողմի հետ առանց խտրութեան, ի խնդիր քաղաքական ներքին անդորրութեան ամրապնդման:

Դրական այս նշաններուն կ՛աւելնայ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի «Էն. Պի. Էն.» կայանին կատարած այն յայտարարութիւնը, ըստ որուն, ինք պատրաստ է յետս կոչելու իր թեկնածութիւնը, եթէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի առաջարկէ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը եւ զօրակցի անոր: «Չեմ ուզեր ետ քաշուիլ, եթէ զօր. Աունի թեկնածութիւնը պիտի ձախողի ինձմէ ետք», ընդգծեց Ֆրենժիէ` նշելով, որ Հարիրիի հետ իր համաձայնութիւնը «պատռել» խոստացած է Հըզպալլայի ղեկավարութեան, եթէ վերջինս դէմ ըլլայ անոր բովանդակութեան, իսկ Հըզպալլա թելադրած է` «Աունին հետ համաձայնիլ»:

Այսուհանդերձ պատկան կողմեր կը շարունակեն պնդել նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը, հակառակ կարգ մը կողմերու այն պնդումին, թէ «նախագահի ընտրութեան հարցը բաւարար չափով չէ հասունցած»: Այս ծիրին մէջ մարոնիներու Ռայի պատրիարքը երէկ, կիրակնօրեայ իր քարոզին մէջ վերստին շեշտեց ընտրութեան կայացման հրամայականը` ընդգծելով, որ Աուն – Ժահժահ պատմական հանդիպումէն ետք արդարացի ոչ մէկ պատճառ կայ այդ հարցը ձգձգելու: Ռայի պատրիարքը շեշտեց նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը այն առումով, որ նորընտիր նախագահը կրնայ վճռել առկախ շատ մը հարցեր, ինչպէս` վարչամեքենային մէջ «քրիստոնեայ» պաշտօնատարներու նշանակման հարցը: Ռայի պատրիարքը յայտնապէս կ՛ակնարկէր վերջերս ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ քրիստոնեայ բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը շիի պաշտօնատարով փոխանակման: Ան այս գծով յատուկ պատուիրակ առաքած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին` յիշեցնելով վարչամեքենային մէջ քրիստոնեաներու իրաւունքները:

Թեր ու դէմ այս կարծիքներուն լոյսին տակ, իր օրապահիկի հայթայթումով մտահոգ քաղաքացին կը սպասէ դրական նախաձեռնութիւններու, որոնք յանգին նախագահի ընտրութեան: Աւելի՛ն, ան կը յուսայ, որ գէթ այս անգամ առանց արիւնահեղութեան համախոհութիւնը գոյանայ հեռու` Թաէֆի, Պաապտայի թէ Տոհայի «նախագահական» համաձայնութեանց օրինակներէն, որոնք կու գային դադրեցնելու արիւնահեղութիւնը եւ ապա ընտրելու նախագահը:

Նախորդը

Դաշնակցական Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Ընդլայնուած Խորհրդակցութիւն

Յաջորդը

Բռնցքամարտ. Հայ Բռնցքամարտիկները Մինսքի Մէջ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.