ԹՐԻՓՈԼԻԻ Ուատի Ժալլուլ թաղամասի բնակիչներ երէկ կարճ ատենով փակեցին շրջանի ճամբաները` իբրեւ բողոք ճամբաներու անանցանելիութեան եւ խորտուբորտ վիճակին դէմ` պահանջելով անոնց ասֆալթապատումը:
ԱՒԵԼԻ քան հինգ հազար հեկտար տարածութեամբ մշակուած հողեր Պար Էլիասի մէջ կը ջրուին կոյուղիներու ջուրերով, հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի.» կայանը` պատկերասփռելով այս գծով շրջանի բնակիչներու բողոքի աղաղակները:
ԵՐԿԱՐ տարիներէ ի վեր Լիբանանի մէջ մալարիայի առաջին զոհ Սիպել Պուէյրիի մահուան գուժին զուգահեռ, առողջապահութեան նախարարութիւնը քաղաքացիները զգուշացուց այս ախտէն վարակուած երկիրներ ճամբորդելէ (յատկապէս` Ափրիկէ) եւ խուսափիլ մժեղներու խայթուածքէն: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ այս գծով դեղերն ու դարմանումը տրամադրելի են քաղաքացիներուն: