
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործող լիբանանցի գործարարներու մէկ պատուիրակութեան հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ակնարկելով Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումին` Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան խստիւ կը դատապարտէ որեւէ դեսպանատան կամ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ գործուած յարձակում, յատկապէս Իրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ գործուած յարձակումը, որ կը հակադրուի միջազգային մակարդակի վրայ ընդունուած համաձայնագիրներուն:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան կը մերժէ արաբական երկիրներուն ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալ` յարգելով Արաբական լիկայի ուխտը: Ան նկատել տուաւ, որ Արաբական լիկայի ուխտը խանգարելու պարագային արաբական երկիրները պիտի ըլլան միակ տուժողները, «իսկ մենք յանձնառու կը մնանք այդ երկիրներուն ապահովական կայունութեան պահպանումին», ըսաւ Պասիլ: