Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ Ընտրութիւններուն Մէջ Արդար Ներկայացուցչութեան Կոչ Ուղղեց

Հոկտեմբեր 6, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Հըզպալլայի ղեկավարներէն շէյխ Նեպիլ Քաուքի եւ Սուհէյլ Հիւսէյնի ահաբեկման միամեակին առիթով շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին շեշտեց. «Իսրայէլ աշխատանք կը տանի Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին վրայ, Ամերիկան անոր ամբողջովին կ՛աջակցի, եւ որեւէ նահանջ մարտավարական է` սպասելով աւելի լաւ պայմաններու»:

«Այն, ինչ որ Կազայի մէջ կը տեսնենք, Մեծն Իսրայէլի ծրագիրին ծիրին մէջ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Կազայի վերաբերեալ ծրագիրը «վտանգներով լեցուն է»` նշելով. «Դիմադրութիւնը իր յարմար տեսածը կ՛որոշէ»:

«Թրամփի ծրագիրը կ՛ուզէ Դիմադրութիւնը զրկել իր ուժի տարրերէն, եւ ատիկա ամերիկեան հագուստով իսրայէլեան ծրագիր է», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

«Իսրայէլ այդ ծրագիրը առաջարկեց զինք դատապարտած համաշխարհային ալիքին դիմաց Իսրայէլը արդարացնելու համար: Աշխարհի պետութիւններուն մեծամասնութիւնը Պաղեստինի պետութեան հետ է ընդդէմ ցեղասպանութեան, եւ անոնք համաձայն չեն տեղի ունեցողին», ըսաւ ան:

«Բռնագրաւումը սպասեց, որ (զինադադարի համաձայնութեան, «Ա.») անոր խախտումներուն դիմաց մեր կարգին փոխադարձ խախտում կատարենք, որպէսզի շարունակէ իր յարձակումները, սակայն որեւէ խախտում չկատարեցինք, եւ տապալեցինք այդ քայլը», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` նշելով. «Կը շարունակեն առօրեայ սպանութեան ճամբով ճնշում բանեցնել, մեկնելով այն սկզբունքէն, թէ Դիմադրութեան ժողովուրդին  վրայ ճնշում բանեցնելով Լիբանան մուտք կը գործեն իրենց կամքին համաձայն, ինչպէս տեղի ունեցաւ Սուրիոյ մէջ»:

«Ամերիկացիները լիբանանեան պետութեան բաղադրութեան մէջ միջամտեցին որպէսզի քաղաքականութեան մէջ ստանան այն, ինչ որ պատերազմով չկրցան ստանալ», աւելցուց շէյխ Քասեմ` աւելցնելով. «Լիբանանեան բանակը իմաստուն կերպով վարուեցաւ սադրանքին դիմաց, որ թշնամին ուզեց բանակին, ժողովուրդին ու Դիմադրութեան միջեւ ցանել: Գոյութիւն ունի մտածելակերպ մը, որ կ՛ուզէ Լիբանանը կառուցել, ուստի բանակն ու դիմադրութիւնը այդ առնչութեամբ յստակ էին»: «Ամերիկեան ուղղակի միջամտութեան ճամբով ուզեցին յառաջ ընթանալ այն հիմամբ, որ կուսակցութիւնը տկարացաւ, մենք մեր կացութեամբ եւ քանդումով զբաղած ենք, եւ կրնան մեզ մեկուսացնելու վրայ աշխատիլ: Սակայն անակնկալի մատնուեցան, երբ տեսան, որ ազդու կերպով պետութեան աշխատանքներուն մասնակցեցանք», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Կրցանք ստեղծել հաւասարութեան վիճակ մը, որ մեզի օգնեց դիմակայելու անոնց ամբարտաւանութիւնը, եւ այս բաները զանոնք անակնկալի մատնեցին, ուստի անոնք չկրցան Լիբանանի մէջ յառաջխաղացք ունենալ»:

«Կառավարութիւնը պէտք է կեդրոնական ու հիմնական խնդիրներով զբաղի», ըսաւ ան` նշելով. «Թաէֆը տեսակէտ չէ, այլ համաձայնութիւն, եւ ոչ թէ ուժերու հաւասարակշռութեան միջոց»:

«Լիբանանցի ազնիւ եւ սիրելի քաղաքացի է ան, որ հայրենիքին մէջ իր գործընկերոջ հետ կ՛աշխատի այս երկիրը պաշտպանելու», աւելցուց շէյխ Քասեմ:

Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը նշեց. «Կ՛ուզեն իրենց համապատասխանող օրէնք մը եւ հակառակորդ կողմին վրայ յաղթանակ արձանագրելուն յանգեցնող օրէնք մը գործադրել»:

«Մենք արդար ներկայացուցչութեան հետ ենք», շեշտեց շէյխ Քասեմ:

Նախորդը

Քաանի. «Հըզպալլայի Զինաթափման Մասին Խօսակցութեան Պատճառը Սիոնական Գոյացութեան Այդ Մէկը Կատարելու Ձախողիլն Է»

Յաջորդը

«Թուրքիան Չի Կրնար Ռուսիայէն Կազ Գնելէ Հրաժարիլ» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Կրճատուած Գործողութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կրճատուած Գործողութիւններ

Հոկտեմբեր 6, 2025
Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը
Գլխաւոր լուրեր

Համաս Ընդունեց Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Հոկտեմբեր 6, 2025
Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

Հոկտեմբեր 6, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?